ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէն 10 Մարտին հանդիպում ունեցած է ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանին և ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Հռիփսիմէ Յարութիւնեանին հետ: Հանդիպումին կը մասնակցէր նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակի յատուկ ծրագիրներու պատասխանատու Գէորգ Ղուկասեան։ ՀՅԴ Արցախի ԿԿ-ը ներկայացուցած է Արցախի մէջ տիրող իրավիճակը, անվտանգային եւ մարդասիրական հիմնահարցերը: Միտքեր փոխանակուած են օտարերկրեայ քաղաքական շրջանակներու մէջ եւ յատկապէս եւրոպական երկիրներու մէջ ի նպաստ Արցախի աշխատանք ծաւալելուն: Հիւրերը տեղեկացուղած են իրենց այցելութեան ընթացքին Արցախի պետական պաշտօնատար անձերուն հետ ունեցած հանդիպումներու եւ ձեռքբերուած համաձայնութիւնները: