Կազմակերպութեամբ Սուրիոյ Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան, Ուրբաթ, 11 եւ Շաբաթ 12 Մարտ 2022-ին, Լաթաքիոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Քաղաքականութիւն եւ Ղեկավարութիւն» խորագիրով երկօրեայ սեմինար, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին ՍԵՄ-ի«Փոթորիկ» եւ «Ազատամար» (Հալէպ), «Դրօշակ» (Դամասկոս), «Կայծակ» (Լաթաքիա), «Շանթ» (Քեսապ) եւ «Նիկոլ Դուման» (Գամիշլի) մասնաճիւղերէն ընկերներ եւ ընկերուհիներ։