“Արմէնփրէս”._ Հայաստանի Հանրապետութիւնը դիմած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան՝ Հայաստանի և Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի կնքումի նպատակով բանակցութիւններ կազմակերպելու համար: «Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատասխանած է Ատրպէյճանի Հանրապետութեան կողմէն փոխանցուած առաջարկներուն եւ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան, թաղաքական եւ քաղաքացիական իրաւունքներու միջազգային դաշնագիրին եւ Հելսինքիի եզրափակիչ արարքին հիման վրայ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի կնքումի նպատակով բանակցութիւններ կազմակերպելու համար դիմած է ԵԱՀԿ ՄԽ-ի համանախագահութեան», ըսուած ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։