Դժուար պահերն ու փորձութիւնները զանազան հետեւանքներ կ’ունենան: Անոնք կամ կը յուսալքեն մարդ արարածը, կամ ալ պինդ ու նպատակասլաց կը դարձնեն: Որոշումը մերն է: Սուրիոյ պատերազմը բոլորին համար տագնապալի շրջան էր, իւրաքանչիւրը կորսնցուց թանկարժէք բան մը, սակայն սիրելիի մը կորուստը ամէնէն դժուարն էր, մանաւանդ երբ ան զաւակ էր, ծնողք, կամ ընտանիքի անդամ ու հարազատ: Նահատակ զինուոր Գրիգոր Աշնագլեանի մայրը՝ Եոլլա Ղանտուր Աշնագլեանը, կորսնցնելով մէկտեղ իր զաւակը ընտրեց պինդ մնալու ուղին՝ մխիթարուելով զաւկին հերոսութեամբ, գիտակցելով որ հողին, հայրենիքին, ծննդավայրին, արժէքներուն համար նահատակուիլը անմահութիւն է, որ ապրելու ուժ կը հայթայթէ ողջ մնացողներուն:
«Տղուս նահատակուելուն առաջին 3 ամիսները շատ դժուար անցան: Բոլորովին քանդուած եւ յուսալքուած էի: Բայց ետքը, ինքզինքս գտայ, քաջ գիտակցելով որ պէտք չյանձնուիլ, ճամբայ ունիմ շարունակելու, շատ աշխատանքներ կրնամ տանիլ տղուս հոգիին եւ անունին համար: Ես ալ զինուեցայ համբերութեամբ եւ լծուեցայ աշխատանքի: Առաջին մխիթարութիւնս նահատակ տղուս անունով դպրոցի մը անուանումն էր, որ հպարտութեամբ ամոքեց հոգիս, նկատի առած, որ առաջին հայ նահատակն էր, որուն անունով պետական դպրոց մը կ’անուանուէր: Ասիկա բարոյական զօրակցութիւն էր ինծի եւ բոլոր նահատակ զաւակ ունեցող մայրերուն», շեշտեց տիկին Եոլլա:
Ան շպարումի մասնագէտ է 10 տարիէ ի վեր: Տեւաբար հետեւելով մասնագիտական դասընթացքներու ինքզինք զարգացուցած եւ փորձառութիւն ու իւրայատուկ ճաշակ ձեռք բերած է այս մարզին մէջ: «Արհեստիս սիրահարն եմ պզտիկուց: Երազս էր ունենալ յատուկ դիմայարդարման կեդրոնս: Եւ իրականացաւ…  Առաջինը հիմնեցի պարտքով, կրցայ կազմակերպել աշխատանքս, ինչպէս նաեւ դասընթացքներով երիտասարդ սերունդներուն այս արհեստը սորվեցուցի զանազան ուսումնարաններէ եւ հաստատութիւններէ ներս: Մօտաւորապէս ամիս մը առաջ օժանդակութեամբ կրցայ մասնագիտական եւ արդիական գործիքներով օժտուած  կեդրոնս ունենալ, որ այս տարածաշրջանին առաջինն ու միակն է իր որակով ու լաւ արձագանք կ’ունենայ: Ես այսպիսի կեդրոն ունենալու յոյսն անգամ չէի փայփայեր, սակայն, փառք Աստուծոյ, հիմա աւելին ունիմ», աւելցուց տիկին Եոլլան:
Անոր առաջնահերթութիւնը  տունին եւ ընտանիքին է: Արհեստի կողքին կը մասնակցի բարեսիրական աշխատանքներու: «Զաւկիս նահատակութենէն ետք ուզեցի բան մը ընել, որ կեանքս ամբողջութեամբ փոխէ: Որոշեցի ժամանակէս մեծ բաժին մը տրամադրել բարեսիրական աշխատանքներու, զորս կը կատարեմ տղուս հոգիին համար, առանձին, առանց կողմի մը օժանդակութեան, ինչպէս ծերանոցի, քաղցկեղով տառապող մանուկներու եւ այլն…. չբաւարարուելով նիւթական ներդրումով,  անոնց տրամադրութիւնը բարեփոխելու յայտագիրներ ալ կը պատրաստեմ: Այսպիսի բնոյթ կրող աշխատանքներուս մանչս եւ աղջիկս ալ կ’օժանդակեն ինծի, որպէսզի իրենք եւս շարունակեն նոյն ուղին», յուզումնախառն ապրումներով շարունակեց տիկին Եոլլան:
Անոր համաձայն, կնոջ յաջողութեան բանալին աշխատանքին նուիրուիլն է: «Այս դարուն կինն ու այր մարդը համահաւասար են: Կինը, եկամտաբեր աղբիւրի կարիք ունենայ կամ ոչ, պէտք է աշխատի, ինքզինք փաստէ իր միջավայրին մէջ, գործուն ներկայութիւն դառնայ: Կինը ուժ եւ կարողութիւն ունի բարեփոխելու ողջ ընկերութիւն մը: Ան ինքզինք պէտք չէ նուիրէ միայն տնային աշխատանքներուն, այդ չէ իր գոյութեան միակ նպատակը: Հարկ է, որ ան գործունեայ ըլլայ, սորվի ու սորվեցնէ»:
Իսկ երբ հարց տուինք տիկին Եոլլային, թէ ո՞վ է ուժեղ կինը, ան պատասխանեց. «Ամենադժուար բանը կեանքի մէջ  ցաւդ յոյսի վերածելն է, երբ յաջողեցար իրականացնել ատիկա, ուժեղ ես արդէն»:
(շար.2)
Հարցազրոյցը վարեց
Սեւանայ Հալլաճեան