Գարնան սեմին ենք: 
Գարունը այն եղանակն է, որ կը մղէ իւրաքանչիւր անձ խորհելու բնութեան հրաշալիքներուն  եւ գեղեցկութիւններուն մասին:
Գարնան ծաղիկները հիանալի միջոց կը հանդիսանան՝ մոռնալու ձմրան տխուր օրերը եւ խանդավառութեամբ լեցնելու մեր կեանքը: Բնութեան  սքանչելի արարածները ոչ միայն կրնան գեղեցկացնել մեր բնակարանները, այլեւ կը բարելաւեն մեր տրամադրութիւնը:
Երբեմն ծաղիկները պարզապէս ծաղիկներ չեն, այլ աւելին… Անոնք լռութեամբ կը յայտնեն գաղտնիքներ, կը դառնան սիրահարներու «խօսնակ»-ներ, շնորհակալութիւն կամ ներողութիւն յայտնելու ազդու միջոցներ:
Աշխարհի տարածքին կան տասնեակ  ծաղիկներ, որոնք կանանց անուններ են նաեւ, ինչպէս՝
1-Վարդ (Վարդի, Վարդենի) Rose- Իգական սեռի ամէնէն տարածուն ծաղիկի անունը վարդն է): Կ’ըսուի, թէ ան սիրոյ եւ գեղեցկութեան յոյն աստուածուհի՝ Աֆրոտիթի ծաղիկն էր: 
Այսօր աշխարհի վրայ գոյութիւն ունի վարդի 300 տեսակ եւ մօտ 3000 ենթատեսակ: Աշխարհի ամենածեր վարդի թուփը կ’աճի Գերմանիա (1000 տարեկան է), որ կը գտնուի Հիլդեսհայմերի տաճարի պատին մօտ: 
Ճաբոնցիք ունին վարդի իւրայատուկ տեսակ ՝ քամելեոն, որուն թերթիկները առաւօտեան կարմիր են, իսկ երեկոյեան սպիտակ երանգ կ’ունենան: Յայտնի է նաեւ փոքր «Սի» վարդը, որուն թերթիկները բրինձի չափ են:
Վարդի իւղը կը գտնուի կանացի գրեթէ բոլոր անուշահոտներու բաղադրութեան մէջ: Անգլիոյ մէջ, սիրոյ խոստովանութեան համար աւանդաբար կը նուիրեն երկու դեղին վարդ:
2- Շուշան lily- Շատ սիրելի ու տարածուած անուն է Շուշանը: «li-li » թարգմանաբար կը նշանակէ սպիտակ-սպիտակ։ Այս իսկ պատճառով ան կը համարո
ւի մաքրութեան եւ անմեղութեան խորհրդանիշ: Կան մօտ 90 շուշանի տեսակներ, որոնք կը տարբերին իրենց ձեւով եւ գոյնով: 
3-Մանուշակ Violet- Յատկապէս Ֆրանսայի մէջ տարածուած անուն է: Գարնան մանուշակը կ’աճի անտառներու, գետերու եւ առուակներու ափերուն, չոր ու քարքարոտ վայրերու մէջ: Բուրումնաւէտ դեղին ծաղիկներով մանուշակի կը հանդիպինք
Սիւնիքի մարզին մէջ, իսկ Լոռիի եւ Տաւուշի մէջ մանուշակները մեծ եւ մանիշակագոյն են: Ծանօթ են մանուշակի մօտ 500 տեսակներ: Մանուշակէն  կը պատրաստուին քսուկներ, որոնք կը գործածուին մաշկային հիւանդութիւններն ապաքինելու համար:
4- Յասմիկ (Նազվարդ) Jasmine Սպիտակ,- Շատ գեղեցիկ ծաղիկ է, որուն բոյրը շատ մեղմ եւ հաճելի է: Բուժական նպատակով կ’օգտագործուին բոյսի բոլոր մասերը։ Տերեւները որպէս տաք թրջոցներ կը դրուին մաշկի վէրքերուն վրայ: Արմատները հում վիճակով կը գործածուին գլխացաւի եւ անքնութեան պարագաներուն: Յասմիկի իւղը բուժիչ դեր ունի մկանային ցաւերու պարագային, իսկ ծաղիկը կը գործածեն թէյի եւ կանանց անուշահոտեր պատրաստելու համար
5-Մարգարիտ- Այս ծաղիկին անունը լատիներէնէ թարգմանուած է։ Անոր  բազմաթիւ, փոքրիկ, սպիտակ եւ վարդագոյն ծաղիկները կը նմանին մարգարիտներու, որոնք ցրուած են խոտերու վրայ: Ապրիլ ամսուն, Անգլիոյ փողոցները կը զարդարուին սպիտակ եւ վարդագոյն մարգարիտի փունջերով: 19-րդ դարուն, Ֆրանսայի մէջ Ծաղկազարդը նուիրուած էր այս ծաղիկին: Մարգարիտներով կը զարդարէին իրենց տուները, լապտերներն ու պատուհանները:
Գարնանամուտի սեմին, Ուսուցչաց եւ Մայրերու զոյգ տօներուն առիթներով ջերմապէս կը շնորհաւորեմ բոլորիդ տօնը: Մնացէ՛ք միշտ ծաղիկներու  նման՝ գեղեցիկ եւ բուրումնաւէտ:
Սեւան Ազարիկեան-Պարմաքսզեան