ՏԵՂԱԿԱՆ 
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– Հալէպի պասքեթի աղջկանց U16-ի ախոյեանական մրցումներուն, ՀՄԸՄ-ի կազմը շարունակելով իր յաղթարշաւը 66-62 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Իթթիհատը: Խումբը մինչեւ օրս պարտութեան մատնեց Հալէպի բոլոր խումբերը եւ գրաւեց աղիւսակին առաջին դիրքը:
– Կիրակի 13 Մարտին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի տղոց Ա. խումբը 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց ալ Շահպան:
– Հալէպի Իթթիհատ ակումբի նախագահ Պասէլ Համուին Ուրբաթ, 11 Մարտին ֆութպոլի խումբի կատարած մրցումէն ետք ներկայացուց իր հրաժարականը: Հալէպի Մարզական Դաշնութիւնը մինչեւ նոր ընտրութիւններու թուականը ակումբի նախագահութեան պաշտօնը վստահեցաւ Ռուսէյն Մարթինիին: Նշենք, որ Իթթիհատ 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնուեցաւ Ֆըթուէէն, եւ մտաւ Բ. դասակարգ՝ հասնելով վտանգի գօտի:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ԱՐԹՈՒՐ ԴԱՒԻԹԵԱՆ ԴԱՐՁԱՒ ՈՍԿԵԱՅ ՄԵՏԱԼԱԿԻՐ
Հայաստանի առաջատար մարմնամարզիկ Արթուր Դաւիթեան Տոհայի մէջ կայացած աշխարհի ախոյեանական մրցումներու աւարտին գրաւեց առաջին դիրքը եւ նուաճեց ոսկի մետալ:  Ըստ  Հայաստանի Մարմնամարզի Դաշնութեան մամուլի ծառայութեան, հայ մարզիկը յաղթեց յենացատկի եզրափակիչին։ Մէկ շաբաթ առաջ Արթուր նոյնանման արդիւնքի հասած էր նաեւ գերմանական Կոտփուս քաղաքին մէջ  տեղի ունեցած նմանատիպ գաւաթի խաղարկութեան: Նշենք, որ Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականը Տոհայի մէջ նուաճեց չորս մետալ՝ 2 ոսկի, 1  արծաթ եւ 1 պրոնզ:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՄՕՏՕՐԷՆ ՄՊԱՓԷՆ ՌԷԱԼԻ ԽԱՂԱՑՈՂ ՊԻՏԻ ԴԱՌՆԱՅ
Ըստ սպանական «Մարքա» օրաթերթին, Ֆրանսայի Փարիզ Սան Ժերմանի յարձակողական խաղացող Քիլիան Մպափէ յաջորդ շաբաթ պիտի ստորագրէ Ռէալ Մատրիտի միանալու պայմանագիրը: Տեղափոխութեան առնչութեամբ, պաշտօնական յայտարարութիւնը տեղի պիտի ունենայ  մրցաշրջանի աւարտին: Մպափէ պիտի ստանայ 60  միլիոն եւրօ որպէս նուէր Արքայական ակումբը ընտրելուն համար։ Անոր  տարեկան աշխատավարձը պիտի ըլլայ  25 միլիոն եւրօ։ Աւելցնենք, որ 2017 թուականէն ի վեր Մպափէ հանդէս կու գայ Փարիզ Սան Ժերմանին հետ, իսկ անոր պայմանագիրը կ’աւարտի այս տարուան Յունիսին:  Փարիզեան ակումբի ղեկավարութիւնը անոր առաջարկած է 50-100 միլիոն եւրօ աշխատավարձ՝ երկու տարիով եւս համագործակցութիւնը երկարաձգելու համար, սակայն Չէմփիընզ Լիկէն դուրս մնալէ ետք, ֆրանսացի մարզիկը վերջնականապէս որոշած է հեռանալ ակումբէն:

 

 

Պատրաստեց՝ Ռաֆֆի Սիւլահեան