Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատի Էմիրութիւններ այցելութիւնը 2022-ի Մարտ ամսուն, մէկէ աւելի ուղերձներ կը յղէ, նախ յիշեցնելով Սուրիոյ տագնապի սկիզբը՝ Մարտ 2011-ը եւ այդ տագնապի վերջնական յաղթահարման մօտալուտ ըլլալը: Ապա նաեւ Էմիրութիւններու զօրակցութիւնը Սուրիոյ՝ արաբական եւ միջազգային տարբեր հարթակներու վրայ, յատկապէս նկատի ունենալով, որ Էմիրութիւններ այս օրերուն դիւանագիտական ճկուն քաղաքականութիւն կը վարէ տարբեր կողմերու հետ եւ  կը նախագահէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը:
Այս հանդիպումը կը վերյիշեցնէ նաեւ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն ամրագրման քայլերը:
Այդ քայլերուն առաջինը  Դամասկոսի մէջ 2018-ին Էմիրութիւններու, որպէս առաջին պետութիւն,Դամասկոսի մէջ դեսպանատան վերաբացումն էր: Ապա նաեւ Էմիրութիւններու մարդասիրական օժանդակութիւններու առաքումն էր Սուրիա, յատկապէս պսակաձեւ ժահրի համաճարակի սկզբնական տարիներուն, այնուհետեւ Շէյխ պըն Զայետին Նոյեմբեր 2021-ին Սուրիա այցելութիւնն էր:
Միւս կողմէ, նախագահ Ասատ, տասը տարուան պատերազմէն ետք, իր առաջին պաշտօնական այցելութեան համար կ’ընտրէր արաբական այս երկիրը, արտայայտելով Սուրիոյ Էմիրութիւններու հանդէպ տածած վստահութիւնը:
Այս այցելութիւնը կը վկայէ նաեւ, որ Սուրիոյ արտաքին քաղաքականութեան մէջ փոփոխութիւններ կը զարգանան:
Հանդիպումին հնչած պատգամներէն պարզ կը դառնան նաեւ հետեւեալ քաղաքական ուղղութիւնները.
-Նախ՝ հաստատումը Սուրիոյ արաբական լիկա վերադառնալու անհրաժեշտութեան:
-Երկրորդ՝ աստիճանական զարգացումը տարածաշրջանային, յատկապէս միջարաբական յարաբերութիւններուն: Վերջերս նկատելի է, որ արաբական շարք մը երկիրներ, ինչպէս Էմիրութիւնները, այնպէս ալ Եգիպտոս, Յորդանան, Սէուտական Արաբիա եւ այլն, վերատեսութեան կ’ենթարկեն իրենց քաղաքական ուղղութիւնները՝ արաբական եւ տարածաշրջանային երկիրներու միջեւ աւելի սերտ յարաբերութիւններ վերսկսելու համար:
Բանակցութիւններ եւ փոխադարձ այցելութիւններ կը նկատուին Էմիրութիւններու եւ Թուրքիոյ միջեւ, Իրան բանակցութիւններ կը սկսի Սէուտական Արաբիոյ հետ, հետեւաբար նկատելի է միջարաբական եւ տարածաշրջանային երկիրներու յարաբերութիւնները նոր փուլի ուղղելու ռազմավարութիւն մը:
Այս բոլորին կողքին, արաբական երկիրներու, յատկապէս Էմիրութիւններու մօտ փափաք եւ կարողութիւն կայ  արտաքին քաղաքականութեան մէջ, տեղական իրենց շահերուն կողքին,  նկատի առնելու արաբական ազգային ապահովութեան շահերը՝ արաբական աշխարհը զերծ պահելով արտաքին միջամտութիւններէ: Այս կարեւոր մեկնակէտին կ’անդրադառնար Շէյխ Մուհամմետ պըն Զայետ Սուրիոյ նախագահին հետ հանդիպման ընթացքին, շեշտելով որ Սուրիա կարեւոր սիւներէն մէկը կը համարուի արաբական ազգային ապահովութեան:
Աւելին.  Էմիրութիւններ-Սուրիա հանդիպման, Շէյխ պըն Զայետ կարեւոր կը համարէր Սուրիոյ ազգային միասնականութեան պահպանումը, օտար տարաբնոյթ ուժերու սուրիական տարածքներէն դուրս գալը  եւ յառաջիկայ օրերուն տարածաշրջանային խաղաղութեան հաստատման մէջ Սուրիոյ առանցքային դերակատարութեան վերականգնումը:
Էմիրութիւններու եւ Սուրիոյ գործակցութիւնը ներկայ աշխարհաքաղաքական  տուեալներուն լոյսին տակ, միջարաբական գործակցութեան քանի մը հորիզոններ կրնայ բանալ.
Ա) Քաղաքական եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու աշխուժութիւնը եւ Սուրիոյ հետ խորքային յարաբերութիւններու վերսկսումը:
Բ) Միջարաբական գործակցութիւնը ոչ միայն քաղաքական, այլեւ  ապահովական ուժերու միջեւ՝ ահաբեկչական եւ ծայրայեղական խումբերուն ու կազմակերպութիւններուն դէմ դնելու համար, որովհետեւ ահաբեկչութիւնը կը սպառնայ արաբական ողջ աշխարհին:
Գ)  Սուրիոյ վերադարձը արաբական լիկա, իր իսկ կամքով, յատկապէս որ արաբական շարք մը երկիրներ սկսած են վերանայման ենթարկել Սուրիոյ հետ իրենց յարաբերութիւնները:
Դ) Սուրիոյ վերականգնումի աշխատանքներուն մէջ արաբական երկիրներու, յատկապէս Էմիրութիւններու ներգրաւումը յառաջիկայ տարիներուն, ինչ որ դրական անդրադարձ կրնայ ունենալ նաեւ երկու երկիրներու տնտեսութեան վրայ:
Սուրիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու յարաբերութիւնները երկու երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն շահերը ամրագրող աշխուժացման նոր փուլ կը թեւակոխեն՝ տարածաշրջանին, յատկապէս արաբական աշխարհին մէջ խաղաղութեան եւ ապահովութեան հաստատման, ինչպէս նաեւ տնտեսական գործակցութեան համար նոր հորիզոններ բանալու ակնկալութեամբ: