“Էրմէնիհապեր”._Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան Պրիւքսէլի մէջ հանդիպած է Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնի հետ։ Էրտողան-Մաքրոն հանդիպումը տեղի ունեցած է ՆԱԹՕ-ի գագաթնաժողովին։ Ելիսէեան պալատի հաղորդումով Էրտողանն ու Մաքրոնը քննարկած են Հարաւային Կովկասի իրավիճակը։

Թուրքիոյ ղեկավարի հետ հանդիպումին ընթացքին Մաքրոն յայտնած է իր երկրին վճռականութիւնը՝ Մինսքի խումբին մէջ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ճգնաժամի մշտական ​​քաղաքական լուծում գտնելու իմաստով։

Բացի անկէ, Մաքրոն գոհունակութիւն յայտնած է Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար գործադրուող ջանքերուն առնչութեամբ։

Կողմերը քննարկած են նաեւ Ուքրանիոյ իրավիճակը՝ կարեւոր համարելով հրադադարի շուտափոյթ հաստատումը։