Հռոմի Քահանայապետ՝ Փրանկիսկոս Պապի տնօրինումով, ի տես Ընդհանրական Աբբահօր եւ վարչականներու մօտալուտ ընտրական ժողովին, Մխիթարեան Միաբանութեան նոր քահանայապետական Պատուիրակ նշանակուեցաւ Գեր. Մաուրիցիոյ Մալվեսթիթի, Լոտի քաղաքի եպիսկոպոսը։
 
Ի տարբերութիւն նախորդ Պատուիրակին՝ Լեւոն Արք. Զէքիեանի, իրեն խորհրդատու նշանակուեցան Մխիթարեան միաբաններ՝ Հ. Մեսրոպ Վրդ. Սիւլահեան եւ Հ. Սերովբէ Վրդ. Չամուրլեան։ Քարտուղարն է Հ. Համազասպ Վրդ. Քէշիշեան եւ Մատակարար՝ Հ. Նարեկ Վրդ. Տատուրեան։
 
Նոր Պատուիրակն ու օգնական Հայրերը կոչուած են լուծումներ գտնելու միաբանութեան առկախ հարցերուն, բոլոր միաբաններուն հետ միասին Սահմանադրութիւնը վերատեսնելու եւ կատարելու ընտրական ժողովի նախապատրաստական աշխատանքները։
Լիայոյս ենք որ Մխիթարի տան արեւաբոյր ցայգալոյսը հրճուանքի պատճառ դառնայ համայն հայորդիներուն եւ բարեմաղթութիւն հայազգի վերելքին։
 
ԴԻՒԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ