Համաձայն վարքագրական աղբիւրներու,
Սեբաստիոյ մէջ նահատակուած 40 զինուորները (քառասուն մանկունք) 4-րդ դարու նահատակուած սուրբեր են։ Անոնք Փոքր Հայքի տարբեր քաղաքներէն էին եւ Սեբաստիոյ զինուորական ծառայութեան մէջ էին: Երբ կայսրը բանակը հարցաքննել կու տայ, քրիստոնեայ զինուորներ յայտնաբերելու նպատակով, անոնցմէ 40-ը, հաւատարիմ կը մնան իրենց հաւատքին ու կը բանտարկուին: Ապա, որպէս պատիժ, մերկ վիճակի մէջ, գիշեր ատեն, ձմրան ցուրտ եղանակին սառուցեալ լիճի մէջ կը նետեն զիրենք: Լիճի ափին կ’ըլլայ նաեւ տաք բաղնիք մը, որպէսզի երիտասարդները գայթակղեցնէ: Բայց 40-էն մէկը միայն չի դիմանար եւ սառած ջուրէն դուրս գալով` կը մտնէ տաք բաղնիքը ու կը կնքէ իր մահկանացուն: Երկնային լոյս մը կը ճառագայթէ լիճին վերեւ եւ լուսեղէն թագեր կ՛իջնեն նահատակ սուրբերու գլուխներուն: Զինուորներէն մէկը, տեսնելով այդ, կը լեցուի Քրիստոսի հաւատքով եւ նետուելով լիճը` պսակակից կը դառնայ 39 զինուորներուն։