Թ.
 
ՀՄԸՄ-ը, աւելի քան հարիւրամեայ կեանք ունեցող այս հսկայ միութիւնը, մարմնակրթական եւ սկաուտական հիմնական ու կենսական դպրոց ըլլալով մէկտեղ, կը մնայ մարդկային, ազգային իտէալներու, բարոյական սկզբունքներու, ինչպէս նաեւ իր նշանաբանին՝ «բարձրացիր բարձրացուր»-ի խոր իմաստին հաւատարիմ դարբնոցը եւ կը շարունակէ իր սրբազան առաքելութիւնը՝ պատրաստելու իսկական մարդը, մանաւանդ գիտակից, յանձնառու Հայ մարդը:
Այս հսկայ միութիւնը, իր 111մասնաճիւղերով, այսօր առաւել քան երբեք, անխախտ հաւատքով կը կատարէ իր սրբազան առաքելութիւնը, վճռակամութեամբ,անսակարկ նուիրումով եւ կը ջանայ առաւելագոյն բծախնդրութեամբ արդարացնել իր վրայ դրուած յոյսերն ու սպասումները, նպաստելով մեր ժողովուրդի անկատար տենջերու իրականացման սրբազան գործին:
Սիրելի՛ ՀՄԸՄ-ականներ եւ համակիրներ,
Անցեալին, ՀՄԸՄ-ի Հալէպի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը՝ մարզիչ, յանձնախումբ եւ մարզիկներ, Շաբաթ երեկոյ մը, ըստ բարի սովորութեան, հաւաքուած էին քննարկելու խումբը յուզող զանազան հարցեր: Յանկարծ դուռը կը թակուի, եւ ներս կը մտնէ ՀՄԸՄ- ի վաստակաշատ ատենապետ եղբ. ժոզէֆ Պայրամեան, իր հետ ընկերակից ունենալով երկու վարչական եղբայրներ:
Աննախընթաց երեւոյթ մը կը պարզուէր, որովհետեւ երբեք չէր պատահած, որ վարչութիւնը մասնակից դառնար ֆութպոլի խումբի հանդիպումներուն: Եղբ. ատենապետը, իր տպաւորիչ ձայնով, ժպիտը դէմքին վառ պահելով, ողջունելէ ետք բոլոր ներկաները ըսաւ.
 
«Սիրելի՛ եղբայրներ,
Նախ կ՛ուզեմ յայտնել, որ այս անակնկալ այցելութիւնը երկար պիտի չտեւէ: Ձեր ներողամտութիւնը կը խնդրենք, որ առանց նախապէս ձեզ տեղեակ պահելու կը կատարենք այս անակնկալ այցելութիւնը, որպէսզի վարչութեանս գնահատանքը ձեզի փոխանցենք:
Վարչական բոլոր եղբայրներուս եւ իմ անունով կը յայտնեմ մեր խորին երախտագիտութիւնը, բարձր գնահատանքը, ՀՄԸՄ-ականի ձեր պատուաբեր կեցուածքին, գիտակցութեան, անսակարկ նուիրումին եւ արձանագրած փառաւոր արդիւնքներուն համար, որոնք կը հարստացնեն ՀՄԸՄ-ի ընտանիքին բոլոր անդամներուն հոգիներն ու սրտերը եւ անսահման ուրախութիւն, հպարտութիւն եւ պարծանք կ՚առթեն բոլորիս:
Մենք, այսօր եկած ենք նաեւ ձեզի պարզելու յատկապէս այն անսահման ցնծութիւնն ու հոգեկան վեհ հպարտութիւնը, որ ապրեցանք երէկ եւ մեզի հետ պատքւոյ հարթակին վրայ բազմած գտնուող բոլոր օտար բարեկամները, հիրերը եւ մարզական պատասխանատուները:
Երէկուան մրցումի ընթացքին, պարզուեցաւ այնպիսի երեւոյթ մը, որ մարզական գեղեցիկ, օրինակելի եւ դաստիարակիչ պատկեր մըն էր, իւրայատուկ ՀՄԸՄ-ին, մարդկային, ազգային ու մարզական սկզբունքներու եւ իտէալներու թարգմանը հանդիսացող այս աննման դարբնոցին:
Խումբի եղբայրներէն մէկը երէկ դաշտի վրայ ՀՄԸՄ-ականի վայել ընթացքով, լաւագոյն թարգմանը հանդիսացաւ այն վեհ ու ազնիւ սկզբունքներուն, զորս այս հսկայ միութիւնը կը ջանայ սերմանել ու ծաղկեցնել բոլոր ՀՄԸՄ-ականներուն հոգիներուն ու էութեան մէջ: Այս եղբայրը, իր անհատական եսը, շահը, վարկը զոհեց, նոյնիսկ առանց ակնթարթ մը տատամսելու եւ միութեան ընդհանրական վարկը, համբաւը եւ յաղթանակը շատ աւելի վեր դասեց, քան իր անհատականը եւ արդարացուց իր վրայ դրուած յոյսերն ու սպասումները, մեծապէս նպաստելով ՀՄԸՄ-ի վեհ ու ազնիւ նպատակներու պայծառացման եւ իրականացման: Ան դաշտը գտնուող բոլոր ներկաներուն հրամցուց հարազատ պատկերը ՀՄԸՄ-ի առաքելութեան ու բարձր կոչումին: Իր այս գեղեցիկ արարքով անսահման ուրախութիւն պատճառեց բոլորին, մանաւանդ օտարներուն:
Այս եղբայրը իր ֆութպոլիստի բարձր հմտութեամբ ու փորձառութեամբ յաջողեցաւ չորս կոլերու գեղեցիկ առիթներ ստեղծել:
Ուստի, իմ եւ պաշտօնական բոլոր ներկաներու տպաւորութիւնը այն էր, որ եթէ այս եղբայրը իր իսկ ստեղծած առիթները շահագործելու փորձ կատարէր եւ գնդակը բերդին ուղարկէր, անպայման երեքը հարիւր տոկոսով պիտի յաջողէր նպատակին հասցնել: Այդպէս չըրաւ: Երբ արագօրէն նկատեց, որ իր խաղընկերները, քիչ մը անդին, աւելի ապահով դիրքի վրայ կը գտնուի, անմիջապէս չորս գնդակները, յաջորդաբար ոսկեայ ափսէի վրայ, հրամցուց իր ընկերներուն,եւ անոնք առանց յաւելեալ ջանքի գնդակները հասցուցին թիրախին:
Դաշտի ներկաները, մանաւանդ պաշտօնական հիւրերը, մեծ խանդավառութեամբ եւ բուռն
ծափահարութիւններով ողջունեցին մարզական այս գեղեցիկ արարքը, երբ տեսան մարզական ազնիւ ու վեհ ոգին կը սաւառնի դաշտին վերեւ, շնորհիւ այս գիտակից, վեհանձն ՀՄԸՄ-ական մարզիկին:
Բոլորը, առանց բացառութեան, ինծի ուղղելով իրենց գնահատական արտայայտութիւնները ըսին,
ՀՄԸՄ յաջողած է իր առաքելութեան մէջ, փաստը՝ ահաւասիկ այս գեղեցիկ պատկերն է, որ հրամցուեցաւ մեզի։ Խումբին մէջ ընդհանրականը անհատականէն վեր դասելու այս բարձր գիտակցութիւնը կը տիրէ։
 
Հաւատեցէ՛ք եղբայրներ, իմ հոգին ուրախութենէն գինովցած, թեւեր առաւ եւ հպարտութեամբ սկսաւ սաւառնիլ , որովհետեւ երկարամեայ այս հսկայ միութիւնը՝ ՀՄԸՄ-ը, բարոյական արժէքներու այս սրբազան հնոցը, յաջողած է կրկին փաստել, որ վեհ ու ազնիւ այս առաքելութիւնը ուղիղ, առողջ եւ արդիւնաբեր ընթացքի մէջ կը գտնուի:
Փառք ու պատիւ ՀՄԸՄ-ին: Բիւր յարգանք, երախտագիտութիւն Ձեզի նման մարզիկներուն եւ նորանոր յաջողութիւններ բոլորիդ:
Այս է, սիրելի՛ եղբայրներ, այսօրոան մեր այցելութեան միակ ու հիմնական նպատակն ու պատգամը:
Նախքան մեր մեկնիլը, պիտի խնդրեմ գիտակից այս եղբօրմէն, որ ինծի մօտենայ եւ մենք յոտնկայս ծափահարութեամբ յայտնենք մեր սիրելի եղբօր, մեր երախտագիտութիւնն ու գնահատանքը, եւ բոլոր ներկաներուն կողմէ, եղբայրական սիրոյ համբոյրը դրոշմենք անոր ճակտին վրայ» :
Հոգեպարար, դաստիարակիչ այս պահը մեզի հրամցնելէ ետք, անոնք բարձր տրամադրութեամբ մեկնեցան:
 
Հողը թեթեւ թող ըլլայ վրադ, ՀՄԸՄ- ական սիրելի՛, բազմավաստակ ատենապետ եղբ. Ժոզէֆ Պայրամեան:
Ջերմօրէն կը խնդրեմ Աստուծմէ, որ Ձեզի եւ Ձեզ նման բոլոր հաւատարիմ, վաստակաշատ ՀՄԸՄ-ականներուն երկինքի արքայութեան արժանացնէ եւ հոն Ձեր Հօր դրախտային աշխարհին մէջ հանգիստ, խաղաղ եւ ուրախ ննջէք:
 
Կը խնդրեմ Տիրոջմէս, որ ուժ, կարողութիւն, համբերութիւն եւ եռանդ պարգեւէ բոլոր անոնց, որոնք ՀՄԸՄ-ի ջահը վառ պահելով կը քալեն դէպի յառաջ, անսասան ու անվեհեր, հաստատ հաւատքով, աննկուն կամքով, եւ անշահախնդիր մօտեցումով, ի խնդիր ՀՄԸՄ-ի գոյատեւման եւ վերելքին:
Ճորճ Ռաստկելէնեան