Չորեքշաբթի, 16 Մարտ 2022-ին, Հալէպի Ճատրակի Դաշնութեան կազմակերպութեամբ սկիզբ առաւ Ճատրակի Հալէպի ախոյեանութեան մրցաշարքը «Սիքաք» ակումբէն ներս։
ՀՄԸՄ-ի ճատրակի խումբը մասնակցեցաւ 15 քոյրեր-եղբայրներով, որոնցմէ վեցը գրաւեցին առաջնակարգ դիրքեր հետեւեալ պատկերով.
 
Տղոց 12 տարեկան դասակարգի մրցումներուն ախոյեան հանդիսացաւ
եղբ. Անդրանիկ Գույումճեան, իսկ եղբ. Արսէն Գինեան գրաւեց երկրորդ դիրքը։
 
Աղջկանց 12 տարեկան դասակարգի մրցումներուն երկրորդ դիրք գրաւեց
քոյր Նարօտ Սաղպազարեան։
 
Աղջկանց 14 տարեկան դասակարգի մրցումներուն ախոյեան հանդիսացաւ քոյր Բարտի Գինեան։
 
Աղջկանց 16 տարեկան դասակարգի մրցումներուն ախոյեան հանդիսացաւ քոյր Սինթիա Մախուլ։
 
Աղջկանց 18 տարեկան դասակարգի մրցումներուն ախոյեան հանդիսացաւ քոյր Սէրլի Համբարձումեան։
 
Ախոյեան հանդիսացող քոյրերը եւ եղբայրները պիտի մեկնին Լաթաքիա` մասնակցելու Սուրիոյ ախոյեանութեան մրցումներուն։
Յաջողութիւն կը մաղթենք ձեր բոլորին։
Ժիրայր Կարապետեան