Կիրակի, 27 Մարտ 2022-ի առաւօտուն, Սուրիոյ մօտ Կիպրոսի Դեսպանի Գործակատար Տիար Սեւակ Աւետիսեան իր մօր հետ Դամասկոսէն ժամանելով ներկայ գտնուեցաւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան տօնին նուիրուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, որմէ ետք Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Զօպուեանի հիւրընկալութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս հանդիպում ունեցաւ Սրբազան Հօր հետ, Ազգային Վարչութեան անդամներու եւ ազգայիններու ներկայութեամբ։ Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ ՀՀ Մարդասիրական Առաքելութեան 8-րդ խումբի Գնդապետ Արմէն Աւագեանը եւ 9-րդ խումբի Գնդապետ Կարէն Մուրատեանը, որոնք խումբի մասնագէտներուն հետ նոյնպէս ներկայ գտնուած էին տօնական Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին։
 
Սրբազան Հայրը իր օրհնութիւնները փոխանցելով բարի գալուստ մաղթեց Դեսպանի Գործակատարին եւ ծնունդով հալէպահայ իր մօր։
Ջերմ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին Կիպրոսի Դեսպանին Գործակատարը մօտէն ծանօթացաւ Թեմի կառոյցին եւ Սուրիոյ զանազան շրջաններէն ներս ազգային մարմիններուն տարած աշխատանքին։
 
Սրբազան Հայրը այցելութեան առիթով իր ուրախութիւնը յայտնեց, մաղթելով, որ յառաջիկային եւս յաճախակի հանդիպումներ ունենան։