“Արմէնփրէս”._Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը գոհունակութեամբ կ’արձանագրէ, որ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահող երկիրները յստակ արժեւորում կատարած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրադրութեան վերջին սրումին մասին՝ փաստելով, որ անիկա հետեւանք է ատրպէյճանական զօրքերու շարժումին: «Ռուսիայ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը յայտարարած է, թէ բանակային ստորաբաժանումները ետ քաշելու կոչ յղած է ատրպէյճանական կողմին: 27 Մարտին Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն տարածած է, թէ ատրպէյճանական կողմը իր ստորաբաժանումները դուրս բերած է Լեռնային Ղարաբաղի Փառուխ բնակավայրի բաժինէն: Այսուհանդերձ, ստիպուած կ’արձանագրենք, որ ատրպէյճանական ստորաբաժանումներու ներխուժումը Լեռնային Ղարաբաղի Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատուութեան գօտին կը շարունակուի, որ արտայայտուած է քարտէզնէրու մէջ: Կ’ակնկալենք, որ Լեռնային Ղարաբաղի Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբը որոշակի միջոցներ կը ձեռնարկէ ատրպէյճանական ստորաբաժանումներու ներխուժումը խաղաղապահներու պատասխանատուութեան գօտին դադրեցնելու եւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը դուրս բերելու համար: Կարեւոր կը համարենք, որ ատրպէյճանական ստորաբաժանումներու ներխուժման այս ողջ ընթացքին խաղաղապահ զօրախումբի գործողութիւններուն պատշաճ քննութիւն տեղի ունենայ եւ տրուին շարք մը հարցերու պատասխաններ», ըսուած է հաղորդագրութեան մջ: