“Արմէնփրէս”._27 եւ 28 Մարտի երեկոյեան, Երեւանի ժամով ժամը 12։00 դրութեամբ ուժգին-մարտավարական իրադրութիւն տեղի ունեցած է շփման գիծի ամբողջ երկայնքով, նաեւ շփման գծի արեւելեան բաժինին մէջ, այժմ վիճակը յարաբերականօրէն կայուն է, հրադադարի էական խախտումներ չեն արձանագրուած:

Ասկերանի շրջանի Փառուխ գիւղը այժմ կը գտնուի Արցախի մէջ հաստատուած ռուս խաղաղապահ զօրակազմի վերահսկողութեան գօտիին մէջ։

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ շնորհիւ Արցախի զինեալ ուժերու խիզախ ջանքերուն՝ հայկական կողմը յաջողած է կասեցնել ատրպէյճանական զինեալ ուժերու ստորաբաժանումներու յառաջխաղացումը եւ պահպանել Քարագլուխ լերան հիմնական մասի հանդէպ տիրապետումը։

Ատրպէյճանական զօրքերը կը շարունակեն մնալ Քարագլուխի մէկ հատուածի ամրացեալ դիրքերուն մէջ։

Ելքի դիրքեր վերադառնալու շուրջ ռուս խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան հետ ատրպէյճանական կողմի աշխատանքները կը շարունակուին։