Երեքշաբթի, 29 Մարտ 2022-ին, «Ուաթան Անլայն» հաղորդեց, որ ՄԱԿ-ի մօտ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու բանագնաց Լանա Զաքի Նասիպա, ՄԱԿ-ի Միջազգային Անվտանգութեան Խորհուրդի նիստին ընթացքին յայտնեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ աջակցութիւն կը յայտնէ Սուրիոյ տագնապի քաղաքական լուծման առընչուող բոլոր այն միջոցներուն, որոնք կը յարգեն միջազգային «2254» թուակիր որոշումի յօդուածները։ Բանագնացը ըսաւ.«Անհրաժեշտ կը համարենք արաբական աշխարհի հարցերու լուծման գծով ՄԱԿ-ի Միջազգային Անվտանգութեան Խորհուրդին եւ Արաբական Լիկայի գործակցութիւնը, յատկապէս սուրիական տագնապի լուծման առումով, որովհետեւ, Սուրիոյ քաղաքական կայունութիւնը արաբական ապահովականութեան հիմնական գործօններէն մէկն է»։ Ան հաստատեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ անհրաժեշտ կը համարէ սուրիական տագնապի լուծման գործնական քայլերը, աւելցնելով. «Մենք կը հաւատանք, որ տագնապներու լուծումը դիւանագիտութեան ճամբով կ՚ընթանայ, իսկ Սուրիոյ տագնապի լուծման համար անհրաժեշտ է արաբական երկիրներուն գործակցութիւնը։ Այս համոզումներուն լոյսին տակ տեղի ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ այցելութիւնը»։ Ան եզրափակելով ըսաւ. «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները կը մերժէ արտաքին միջամտութիւնները Սուրիոյ Ներքին հարցերուն եւ կը շեշտէ Սուրիոյ գերիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութեան պահպանումը»։