Հովանաւորութեամբ ՍՕ Խաչի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ ՍՕ Խաչի «Շուշի» Մասնաճիւղի Վարչութեան, Շաբաթ, 19 Մարտ 2022-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ «Արարատ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մայրերու օրուան նուիրուած հանդիսութիւն:

Հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Օգնութեան Խաչի քայլերգներով:

Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ օրուան հանդիսավար Նայիրի Պետուրեան, ապա խօսք առաւ մասնաճիւղի ատենապետուհի Սոնա Նազարեանը: Ան ողջունեց հայ մայրերը եւ ներկաները, որոնք հայ ընտանիքին ջերմ եւ անխախտ կեանքը կ՛երաշխաւորեն: Այնուհետեւ Մալվին Քէօշկէրեան տպաւորիչ առոգանութեամբ ասմունքեց «Մօր ձեռքեր»-ը քերթուածը: Յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին մասնաճիւղի անդամներ:

Արդարեւ, մէջ ընդ մէջ մեներգեցին` Մայտա Խանծողեան եւ Անի Մէսումեան, ապա ասմունքեց Ալին Հապոյեան: Երգչախումբը տպաւորիչ կատարումով հրամցուց «Քնքուշ Մայրիկ» եւ «Երազ» երգերը: Ապա Սօսի Պետուրեան մեներգեց Գուսան Հայկազունի «Պիտի Գնանք Վաղ Թէ Ուշ» երգը:

Օրուան բանախօսն էր Տէր Վազգէն Քհնյ. Քէօշկէրեան: Հանդիսավարը ներկայացնելէ ետք քահանայ Հօր կենսագրականը բեմ հրաւիրեց զինք՝ օրուան պատգամը տալու:

Քահանայ Հհայրը անդրադարձաւ հին եւ նոր կտակարաններուն մէջ յիշուած արի մայրերուն եւ կիներուն դերակատարութեան՝ սրբակեաց, օրինակելի կիներու կեանքէն դրուագներ պատմելով:

Ան կարեւոր համարեց հայ կնոջ դաստիարակիչ դերակատարութիւնը, յատկապէս այլասերիչ ներկայ պայմաններուն լոյսին տակ: Հանդիսութեան բախտաւոր մայր ընտրուեցաւ Վրէժուհի Պետուրեանը:

Ապա ՍՕ Խաչի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ Ալին Գաբրիէլեան իր սրտի խօսքով եւ Շրջ. Վարչութեան կողմէ յղուած շնորհաւորական մաղթանքներով ջերմացուց ձեռնարկը: Հուսկ Տ. Վազգէն Քհնյ. Քէօշկէրեանի ձեռամբ պարգեւատրուեցան ՍՕ Խաչի վաստակաշատ ընկերուհիները՝ ՍՕ Խաչի «կանթեղ» շքանշանով եւ պատուոյ գնահատագիրով:

Յաջորդաբար բեմ բարձրացան ընկերուհիներ` Հուրի Գարամարտեան եւ Սաթենիկ Պետուրեան: Անոնց միութենական բեղուն գործունէութեան եւ ծառայասիրութեան մասին հակիրճ ակնարկ մը ներկայացուեցաւ, որմէ ետք անոնք ստացան շքանշանը եւ պատուոյ գնահատագիրը:

Պարգեւատրուուղ խաչուհիները շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեցին միութեան, դիտել տալով որ բարեսիրական եւ ազգային գործունէութեան լայն դաշտ մըն է Սուրիահայ Օգնութեան Խաչը, որուն շարքերը միշտ կը թարմանան նոր մարդուժով:

Տ. Վազգէն Քհնյ. Քէօշկէրեան «Պահպանիչ» աղօթքով փակեց հանդիսութիւնը:

Սօսի Պետուրեան