28 Մարտին Արցախի Հանրապետութեան մէջ վերականգնուած է Ատրպէյճանի կողմէն օրեր շարունակ արհեստականօրէն խափանուած կազամատակարարումը։ Կազամատակարարումը զուտ մարդասիրական հարց է, իսկ Ատրպէյճան անիկա օգտագործած է որպէս Արցախի ժողովուրդի վրայ հոգեբանական ճնշումներ գործադրելու եւ ահաբեկելու միջոց։

Սակայն արցախահութիւնը, դրսեւորելով քաղաքացիական բարձր պատասխանատուութիւն, կրցած է յաղթահարել առկայ իրավիճակը։

Բռնաճնշումներու այս քաղաքականութիւնը արժանացած է Հայաստանի Հանրապետութեան, Ռուսիոյ խաղաղապահ ուժերու եւ միջազգային հանրութեան, յատկապէս՝ Ռուսիոյ, ԱՄՆ-ի, Ֆրանսայի եւ շարք մը այլ երկիրներու ու միջազգային կառոյցներու խիստ քննադատական արձագանգին։

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի բոլոր խմբակցութիւնները երախտագիտութիւն կը յայտնեն միջազգային կառոյցներուն և մեր բարեկամներուն՝ սկզբունքային կեցուածք դրսեւորելուն համար։ Միեւնոյն ատեն, բարձր գնահատելով Արցախի Հանրապետութեան մէջ հաստատուած Ռուսիոյ խաղաղապահ ուժերու կողմէն ձեռնարկուող հետեւողական քայլերը, կ’ակնկալենք ատրպէյճանական զինուժի հետ վերադարձը ելքի դիրքեր։

«Ազատ Հայրենիք – ՔՄԴ»

«Միասնական Հայրենիք» «Արդարութիւն»

«Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն»

«Արցախի Ժողովրդավարական Կուսակցութիւն»

Ստեփանակերտ

29.03.2022թ.