Սուրիական պատերազմէն անցաւ տասնմէկ տարի, երկիրն ու ժողովուրդը կրեցին աննկարագրելի դժուարութիւններ, երբեմն հասնելով յուսահատութեան շեմին, այդուամենայնիւ Սուրիոյ ղեկավարութեան ինչպէս պատերազմի տարիներուն, այնպէս ալ յետպատերազմեան շրջանին հայրենիքը պահելու, հասարակութեան մօտ հայրենասիրութեան եւ ազգային ու քաղաքացիական գիտակցութեան սերմերը ցանելու նպատակաուղղուած քաղաքականութիւնը երեւելի կը դառնան յատկապէս Սուրիոյ նախագահին վերջին ամուան հանդիպումներուն եւ որոշումներուն ընդմէջէն:
Նախ յիշենք, թէ ինչպէս նախորդ տարուան Օգոստոս ամսուն, Սուրիոյ նախագահը հանդիպեցաւ սուրիական բանակի սպաներուն, հրամանատարներուն եւ գնդապետներուն հետ, մեծարեց զիրենք ու բոլոր այն զինուորները, որոնք հայրենիքի պաշտպանութեան համար պատրաստ են իրենց լաւագոյնը զոհել ու հայրենիքին ապահովութիւնը վերականգնել:
Սուրիոյ նախագահին մէկայլ յատկանշական հանդիպումը Ուսուցչաց տօնին առիթով 20 եւ աւելի տարիներու ծառայութիւն ունեցող ուսուցիչներու եւ կրթական մշակներու հետ էր, ուր այս անգամ շեշտը կը դնէր նորահաս սերունդներու դաստիարակութեան առաքելութեան վրայ, դարձեալ էական համարելով ազգային գիտակցութեամբ օժտուած, դժուարութիւններու դէմ պայքարող, ո՛չ թէ անոնցմէ փախուստ տուող, նախաձեռնող, գործունեայ, հաւաքական շահը հետապնդող, ո՛չ թէ անձնասէր, հարցերու լուծում գտնող, ո՛չ թէ միայն բարեկեցիկ կեանքի ապահովման համար նկրտող, այլոց փորձառութիւններէն օգտնուող, ո՛չ թէ ուրիշներու հաշուոյն ապրող սերունդներու պատրաստութիւնը եւ հաւատալով այս առաքելութեան մէջ ուսուցիչին կարեւոր դերակատարութեան կոչ կ’ուղղէր ուսուցիչներուն ծրագրաւորեալ աշխատանք տանելու այս ուղղութեամբ:
Սուրիական հասարակութեան յառաջընթացին առումով Սուրիոյ նախագահին  երրորդ ակնառու հանդիպումը 19 Մարտին էր, քրիստոնեայ հոգեւոր պետերուն հետ, «Եկեղեցին սիրոյ տուն» խորագիրը կրող համագումարին, Դամասկոս: Այստեղ նախագահը կարեւոր համարելով հասարակութեան հոգեւոր դաստիարակութիւնը, նկատել տուաւ, որ կրօնական հաստատութիւններուն դերը չի սահմանափակուիր միայն հոգեւոր ծառայութեամբ, այլեւ կ’ընդգրկէ հասարակական կեանքի բարելաւման նպաստելու յոյժ կարեւոր առաքելութիւնը:
 Այս բոլոր հանդիպումները իրականութեան մէջ հայրենիքի պաշտպանութեան, հասարակութեան մէջ համերաշխութեան պահպանման, յետպատերազմին ընկերային կեանքի բարելաւման համար համապարփակ ծրագիրի մը մասին կը խօսին: Այս ծրագիրին պսակումը կարելի է համարել նախագահին  28 Մայիսին ստորագրած 15 թուակիր հրամանագիրը, որուն մէջ կը շեշտուի, թէ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան դէմ գործող, կամ նոյնիսկ արտայայտուող, այդ իմաստով քարոզչութիւն կատարող, հասարակական կարծիքին վրայ ազդող իւրաքանչիւր քաղաքացի երթակայ է քրէական պատիժի:
Հայրենիքի տարածքային ամբողջականութիւնը ամէն մակարդակներու վրայ պաշտպանելու կոչ մըն է այս, որ կը հնչէ երկրի ղեկավարութեան առաջին դէմքին կողմէ եւ որպէս օրէնք կիրարկման  կը դրուի, յանուն սուրիական հայրենիքի պաշտպանութեան եւ սուրիական հասարակութեան մօտ հայրենիքի պաշտպանութեան գիտակցութեան ամրապնդման:
Այս բոլորը ցոյց կու տան, որ Սուրիոյ ղեկավարութիւնը, տասնմէկ տարի անվհատ դէմ դնելով աշխարհի մեծագոյն պետութիւններու սադրանքներուն եւ Սուրիան պառակտել ու քայքայել փորձող ճիգերուն, առանց յուսահատութեան, ծրագրեալ կերպով կը շարունակէ հայրենիքի պաշտպանութեան, զիջումի քաղաքականութեան բացառման եւ սուրիացի հասարակութեան մօտ ազգային գիտակցութեան բարձրացման մարտավարութիւնը, ինչ որ միայն յարգանքի կրնայ արժանանալ՝ յատկապէս այնպիսի ժամանակներու մէջ, երբ արեւմտեան երկիրներ ամէն ջանք ի գործ կը դնեն ժողովուրդներու ազգային գիտակցութիւնը աղօտելու, իրենց շահերուն համար երկիրներ մասնատելու, ազգերու իրաւունքներ ու դատեր անվերջ թաղելու՝ խաղաղութեան կեղծ շղարշին տակ:
Որքան պիտի փափաքէինք, որ Հայաստանի ղեկավարներն ալ նոյն վճռականութեամբ առաջնորդեն մեր երկիրը աշխարհաքաղաքական ներկայ յորձանուտին մէջ եւ հայրենիքի մասնատումը հաշտ աչքով դիտելու, յանուն կեղծ խաղաղութեան պարտուողական քաղաքականութիւն վարելու, ազգային արժէքներն ու մեր հաւատքի ամրոցները, հայոց բանակը թուլացնելու փոխարէն խիզախօրէն ուղղուին հայրենիքի պաշտպանութեան, հայ հասարակութեան մօտ ազգային իրաւունքներու պաշտպանութեան ջահը վառ պահելու քաղաքականութեան: