30 Մարտին ՀՀ Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեան եւ խմբակցութեան պատգամաւորներ Հռիփսիմէ Սթամպուլեանն ու Արթուր Խաչատրեան հիւրընկալած են ՀՀ-ի Ֆրանսայի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անն Լույոյը եւ դեսպանատան առաջին խորհրդական Քրիստոֆ Քացախեանը։ Հիւրերու խնդրանքով պատգամաւորները անդրադարձած են Արցախի մէջ ստեղծուած ռազմաքաղաքական, մարդասիրական եւ տարածաշրջանի մէջ ձեւաւորուած անվտանգային հարցերուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ներքաղաքական հարցերուն:

Ընդդիմադիր խմբակցութեան ներկայացուցիչները, արժեւորելով հայ-ֆրանսական աւանդական բարեկամական կապերը, բարձր գնահատած են Ֆրանսայի միջնորդական առաքելութիւնը ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի մէջ, ինչպէս նաեւ՝ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի կոչը 2020_ի 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին:

Պատգամաւորները դիմած են դեսպան Լույոյին՝ առաջարկելով աշխուժացնել ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի աշխատանքներու վերսկսման ուղղուած ջանքերը:

Պատգամաւորները ներկայացուցած են նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ, յատկապէս, ՀՀ Ազգային ժողովի մէջ ձեւաւորուած իրավիճակի իրենց արժեւորումները, ինչպէս նաեւ Հայաստանին եւ Արցախին սպառնացող մարտահրաւէրներու լուծման` «Հայաստան» խմբակցութեան այլընտրանքային մօտեցումները: