«Հրապարակ» թերթը կը գրէ. «Ատրպէյճանական լրատուականներուն մէջ լուսանկարներ եւ տեսանիւթեր շրջանառուած էին՝ իբրեւ թէ թշնամիին զինեալ ուժերը Փառուխ գիւղի յարակից տարածքին մէջ երկրաչափական աշխատանքներ կատարելու ընթացքին մարդկային մնացորդներ յայտնաբերած են։ Եւ անիկա ներկայացուցած էին որպէս «Խոջալուի զոհերու» եւ «մասսայական թաղումներու» ապացոյցներ։ Նոյնիսկ մնացածին քրէական գործ յարուցուցած էին։ Փառուխ գիւղի նախկին բնակիչներու հետ զրոյցով տեղեկացանք, որ ատրպէյճանցիներու ներխուժած տարածքին՝ գիւղի յարակից բլուրներէն մէկուն մէջ կը գտնուի գիւղի հին գերեզմանոցը, ուր թաղուած են իրենց նախնիները։ Փառուխեցիները կը նկատեն, որ այդ գերեզմանները թշնամին կը քանդէ ու աճիւնները կը հանէ։ Փաստօրէն, թշնամին ստոր ու անմարդկային քայլի կը դիմէ՝ ոչ միայն անարգելով հայերուն գերեզմանները, այլեւ մահացածներու ոսկորները օգտագործելով իրենց կեղծ թէզերը յառաջ տանելու համար։ Աւելին՝ թշնամին հայերու ոսկորներու հիման վրայ քրէական գործ կը յարուցէ՝ մեղադրանքներ ուղղելով մեզի դէմ, իսկ հայկական կողմը քար-լռութիւն կը պահէ այս նիւթին հետ առնչութեամբ»: