Արուեստի, մշակոյթի, երգի ու երաժշտութեան մէջ եւս իգական սեռը իւրայատուկ հետք եւ դերակատարութիւն ունեցած է դարերու ընթացքին: Մեր այսօրուան զրուցակիցը՝  տիկ. Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեան, հարուստ վաստակ ունի խըմբավարական մարզին մէջ: Ան հետեւած է Երեւանի Ռոմանոս Մելիքեանի անուան երաժըշտական ուսումնարանի խմբավարական բաժինին: «Չեմ մոռնար իմ ուսուցչուհին՝ վաստակաւոր մանկավարժ Սեդա Ստեփանեանը, որ ինծի շատ բան սորվեցուց  թէ՛ խմբավարական, թէ՛ մանկավարժական մարզին մէջ», ըսաւ ան։  Տիկին Գայիանէ հետագային բարձրագոյն ուսումը շարունակած է Կոմիտասի անուան Պետական Երաժշտանոցի խմբավարական բաժինէն ներս, ստանալով օգնական փրոֆեսորի կոչում:

1992-ին հրաւիրուած է Հալէպ, Բերիոյ Հայոց Թեմի «Ս.Մեսրոպ Մաշտոց» մանկապատանեկան երգչախումբին խմբավարութիւնը ստանձնելու: Նոյն տարին առաջարկ կը ստանայ ստանձնելու Սուրիոյ Պատանեկան Միութեան «Մեղրի» պատանեկան երգչախումբը, որ մինչեւ օրս, քանի մը տարիներու կասեցումով, ունեցած է ազգային-յեղափոխական երգերով 6 ելոյթ: Հետագային ան տարած է այլ  աշխատանքներ եւս։

30 տարի է ի վեր խմբավարն է Բերիոյ Հայոց Թեմի Ուսումնական Խորհուրդի «Ս.Մեսրոպ Մաշտոց» մանկապատանեկան երգչախումբին, որ ամէն տարի հանդէս կու գայ բազմաձայն, գունեղ երգացանկով:

2004-ին ստանձնած է Բերիոյ Հայոց Թեմի Կրօնական ժողովին հիմնադրած «Սաղմոս» հոգեւոր երգչախումբը, որ պատերազմին հետեւանքով 2011-ին դադրած է գործելէ :

Եղած է Լաթաքիոյ «Նարեկ» մանկական եւ երիտասարդական երկսեռ երգչախումբերու   հիմնադիր խմբավար: Քեսապի մանկական «Կանթեղ» եւ երիտասարդական «Կիլիկիա» երկսեռ երգչախումբերու հիմնադիր խմբավար: Քեսապի մէջ 6 տարի աշխատանքէ ետք, պատերազմէն վերջ կրկին Քեսապի մէջ երգչախումբ  ղեկավարելը մեծ խանդավառութիւն կը ստեղծէ քեսապահայութեան մօտ:

Ունի նաեւ ձայնամարզութեան դասարաններ: Նախ՝ Կրթասիրաց Մշակութային Միութեան «Կոմիտաս», հետագային, մինչեւ օրս, Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցներուն յատուկ:

2014-ին Կրթասիրաց Մշակութային Միութեան «Կոմիտաս»  Երաժշտանոցի  Նորաստեղծ՝ «Առնօ Պապաճանեան» քառաձայն երգեցիկ խումբին  հիմնադիր-խմբավարն է:

2015-էն մինչեւ օրս խմբավարն է Համազգայինի «Զուարթնոց» քառաձայն երգչախումբին, որ ամէն տարի նոր ծրագիրով հանդէս կու գայ:  Այս աշխատանքին մասին մայեսթրան ըսաւ. ««Զուարթնոց»-ը ունեցած է եւս նուագախումբի հետ համերգներ, շրջագայութիւն տարբեր շրջաններ, յատկանշական էր Դամասկոսի Օփերայի սրահէն ներս խումբին մասնակցութիւնը Սուրիոյ երգչախումբերու փառատօնին։ Երգչախումբը կը մասնակցի նաեւ տարբեր ձեռնարկներու՝ միութենական, պետական մակարդակներով»։

Մայեսթրան իր աշխատանքներուն անդրադառնալով ըսաւ. «Ինչ գործ որ ստանձնած եմ, փորձած եմ մասնագիտական բծախնդիր մօտեցում ունենալ, մերժելով միջակութիւնը: Բոլոր խումբերուն հետ լաւ ու գեղեցիկ յիշատակներ դրոշմուած են յիշողութեանս մէջ»։

Ուշադրութեան արժանի է այն, որ 2012-ին մայեսթրան Հայաստան իր ծնողքին այցելած էր, երբ Սուրիա տագնապի սեմին էր: Սուրիոյ շրջափակումին պատճառաւ թէեւ մէկուկէս տարի  այդտեղ մնաց ու հիմնադիր խմբավարը եղաւ  սուրիահայերէ կազմուած մանկական «Շառաւիղ» երգչախումբին, այնուամենայնիւ որոշեց վերադառնալ Սուրիա պատերազմի օրերուն, կողակիցին հետ միասին, ամուր պահելով իր կապը Հալէպի մշակութային կեանքին հետ, մնալով Սփիւռքի մէջ հայ երգի ու երաժշտութեան պահապան բանակի հաւատարիմ զինուորը: Ան իր այս նուիրումին շնորհիւ, վերադարձէն ետք պարգեւատրուեցաւ Սփիւռքի Նախարարութեան  կողմէ «Կոմիտաս» շքանշանով:

Անդրադառնալով երաժշտութեան մարզին մէջ իգական սեռի ներգրաւման, մայեսթրան ըսաւ. «Իգական կամ արական սեռի խնդիր չկայ, էականը մասնագէտ ըլլալն է: Իսկ յատկապէս փոքրիկներու խմբակ մարզելը քիչ մը դժուար է ու տարբեր մօտեցում կը պահանջէ: Երաժիշտը պէտք է իր  ուսման ընթացքին զինուի մասնագիտական գիտելիքներով, ինչպէս նաեւ փորձառութեամբ ձեռք բերած հմտութիւններով, որպէսզի լաւ իմանայ, թէ ինչպէ՛ս պէտք է վարուիլ երեխաներու հետ, նկատի առած անոնց զգայուն ըլլալը: Թէեւ, բնականաբար, մանուկները իգական սեռի խմբավարին աւելի կը հակին, մայրական զգացումի հարցն է այստեղ, որքան մայրական քնքշանք ցոյց տաս, այնքան աւելի կը կապուին երաժշտութեան դասերուն ու  երգչախումբի փորձերուն»։

«Կան մասնագիտութիւններ, որոնք առաւելաբար տղամարդու վայել են, սակայն ինչ կը վերաբերի երաժշտութեան կամ խմբավարական արուեստին, համաշխարհային շատ օրինակներ ունինք, կանայք նոյնպէս շատ լաւ ղեկավարած են երգչախումբեր, լաւապէս տիրապետելով խմբավարական արուեստին բեմ հանդէս եկած են ծանրագոյն համերգներով:

Կարեւոր է նաեւ մարդկային յարաբերութիւններուն մէջ դրական ըլլալ, լաւ աշխատակազմ ունենալ կողքիդ, «Մենք»-ի գաղափարին հաւատացող անձինք, որոնք ձեռք-ձեռքի կ’աշխատին հետդ՝ հաւաքական նպատակ մը իրականացնելու համար, իսկ դուն, որպէս մասնագէտ, կողքդ ունենալով լաւագոյն կատարողներ, երգիչներ։ Կին ես, թէ տղամարդ էական չէ, հմուտ ըլլալն ու խմբային աշխատանք վարելու ունակութիւն ունենալն է կարեւորը՝ որոնցմով վստահաբար կարելի կ’ըլլայ փայլուն արդիւնքներ արձանագրել:  Երբ մենք միասին ենք, կրնանք յաղթահարել շատ բաներ։ Ըլլալով կին, ըլլալով նուրբ սեռի ներկայացուցիչ, կը հաւատամ, որ երբ կը տիրէ «Մենք»ի տրամաբանութիւնը, ամէն դժուարութիւն կարելի է յաղթահարել: Աշակերտներուս տեւաբար կ’ըսեմ, որ դժուար բան չկայ աշխարհի վրայ, պէտք է պարզապէս աշխատանք տանիլ, կին ես թէ տղամարդ տարբերութիւն չկայ։ Երբ տաղանդով օժտուած ես տուեալ մասնագիտութեան կամ որեւէ ասպարէզի մէջ, պէտք է փափաք ունենաս հասնելու երազանքիդ:  Պիտի մաքառիս, դէմդ ցցուող դժուարութիւնները պէտք է յաղթահարես եւ հասնիս վերջնակէտին, ուր նպատակդ իրականացած կը տեսնես լաւագոյն ձեւով:

Բոլոր այն կիները,  որոնք «ես կին եմ, չեմ կրնար…» ըսելով երբեմն կը յուսահատին, կ’ըսեմ՝ եթէ  ունիս տաղանդ եւ աշխատասիրութիւն, անպայման կը հասնիս նպատակիդ։ Կարեւորը ճիշդ ձեւով պայքարիլն ու վերջնակէտին հասնիլն է»։

Մեր զրոյցին ընթացքին մայեսթրան երգչախմբային արուեստին անդրադառնալով ըսաւ.« Երգչախմբային արուեստը բազմաթիւ երգիչներէ ստեղծուած խումբն է, ուր աշխատանքը կը տարուի հաւաքական ամբողջական ուժերով: Ան մանաւանդ երեխաներու մօտ կը զարգացնէ միասնական աշխատանքի գաղափարը, կը զարգացնէ անոնց ձայնային եւ լսողական տուեալները: Երգող փոքրիկները կը կերտուին իբրեւ մարդ, կը ծանօթանան բազմաթիւ երգերու՝ հայկական, հայրենասիրական, ազգային, արաբական, օտար,…: Երգողին ճաշակը կը զարգանայ, նոյնպէս հանդիսատեսն ու մանաւանդ ծնողքը, երբ բեմին վրայ կը դիտեն իրենց զաւակը, մասնակցած կ’ըլլան հաւաքական աշխատանքի յաջողութեան: Երգչախումբը կը փոխէ նաեւ պատանիին հոգեվիճակը: Ան կը դառնայ պարտաճանաչ, ուժեղ նկարագրի տէր, օրինակ դառնալով իրեն ունկնդրող դասընկերներուն»:

Ապա ելոյթներու յայտագիրներուն անդրադառնալով, տիկ. Գայիանէ մէջբերեց Կոմիտասին հետեւեալ խօսքը. ««Մենք պէտք չէ իջնենք ժողովուրդին ճաշակին, այլ անոր բարձրացնենք երգարուեստի բարձրորակ մակարդակի»:  Ժողովուրդը կրնայ շատ բան սիրել, երբ դուն յաջողիս դասական երաժշտութիւնը ներկայացնել լաւ ձեւով: Այլ խօսքով, պէտք է ներկայացնես այն ինչ, որ ժողովուրդը չէ ընկալած գեղեցիկ մատուցմամբ, որպէսզի լաւ դրոշմուի այդ երգն ու ճաշակը իրեն հոգեկան աշխարհին մէջ: Միեւնոյն ատեն, սակայն, պէտք է մեկնաբանել անոր սիրած երգերը երգչախմբային արուեստի չափանիշերով: Մենք մեր ծրագիրներուն մէջ կը փորձենք ներառնել տեսակաւոր երգեր, որպէսզի բոլորն ալ հաճոյքով ունկնդրեն: Արուեստը մեծ ուժ ունի, պէտք է օգտագործենք այդ ի շահ մեր ժողովուրդի ճաշակի զարգացման ու պահպանման»:

«Ինչպէ՞ս կը զարգանայ երգչախումբին մաս կազմող փոքրիկներուն գեղարուեստական ճաշակը», հարցուցի:

«Բնականաբար տարիներու ընթացքին երգչախումբի մաս կազմող աշակերտին ձայնը կը զարգանայ ձայնամարզութեան փորձերուն շնորհիւ: Ասոր հետ մէկտեղ, նոր երգերու ծանօթանալով եւ երգելով անոր ճաշակը եւս կը բարեփոխուի ու կը կերտուի: Ունեցած ենք փոքրիկներ, որոնք ձայնային կարողութիւններով օժտուած չէին, բայց նկատի առած, որ Սփիւռքի մէջ գործող սիրողական խումբ ենք, պարտաւոր ենք բոլոր երգել սիրող փոքրիկները ընդունիլ: Իսկ հետաքրքրականը այն է, որ տարուէ տարի անոնց կարողութիւնները կը կատարելագործուին: Ի ուրախութիւն ինծի, կան Մաշտոցականներ, որոնք շարունակելով այս մարզը, զարդարած են Հալէպի, Հայաստանի եւ Եւրոպայի բեմերը»:

(շար.3)

Հարցազրոյցը վարեց Սեւանայ Հալլաճեան