Ա. 

Սուրիոյ պատմական Հալէպ  քաղաքին մէջ, հայաշատ Նոր Գիւղի գլխաւոր ճամբուն վրայ, 1947-էն ի վեր, ամբողջ 75 տարի, իր դռները հալէպահայ աշակերտութեան դիմաց լայն բացած է Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանը, որ միջնակարգի եւ երկրորդականի կրթութեան, ինչպէս նաեւ հայեցի առողջ դաստիարակութեան առաքելութեամբ կը շարունակէ իր երթը:
Մեսրոպեան շունչով եւ հայկական աւիշով ոգեղինացած ամրոց մըն է Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանը, որ 75 տարիներու ընթացքին հալէպահայ կեանքին մէջ դարձած  է մարդակերտման ու հայակերտման դարբնոց:
Երբ ճեմարան կ’ըսենք, կը վերյիշենք անոր հիմնադրման օրերուն Բերիոյ Հայոց Թեմի  Առաջնորդ Զարեհ Սրբ. Եպս. Փայասլեանը, որուն անունով այսօր անուանուած է ճեմարանի պողոտան: Զարեհ սրբազան իր առաջնորդութեան շրջանին Բերիոյ Թեմին բոլորանուէր նուիրումով ծառայած է՝ շահելով նաեւ սուրիական պետութեան անվերապահ վստահութիւնը: 1946-ին Սուրիոյ նախագահ Շուքրի Քուաթլիին եւ պետական աւագանիին որոշումով իրեն շնորհուած է արժանեաց Ա. կարգի շքանշան:
Հալէպի մէջ իր կատարած մեծագոյն իրագործումներէն մին կ’ըլլայ Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի հիմնադրութիւնը, օրուան ազգային մարմիններուն ծրագրաւորումով: Սրբազան հայրը, Դաշնակցական գործիչ Հրաչ Փափազեանի հետ կը ձեռնարկէ  հիմնադրութեան աշխատանքներուն նախ իբրեւ արտօնատէր, ապա իբրեւ տնօրէն եւ մշակ:
Կաթողիկոս օծուելէն ետք անգամ, ան կը շարունակէ  նեցուկ կանգնիլ Ճեմարանին, որուն  նուիրուած էր ութը տարի, հաւատալով, որ իր սիրելի հօտին ամէնէն անհրաժեշտ կռուաններէն մէկը հայկական երկրորդական վարժարանը պիտի ըլլար: Օրին, Քարէն Եփփէ մայրիկը իր անունով 10.000 քառակուսի մեթր տարածութիւն մը  գնած էր (այժմու ճեմարանի տարածքը): 1926-ին եւ 1929-ին այնտեղ կառուցած էր ինը միայարկ տաղաւար, 80 սենեակներով եւ հոն պատսպարած իր որբերն ու այրիները: Հետագային այս տարածքին վրայ պիտի հիմնուէր Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանը:
Մեծ կ’ըլլայ Քարէն Եփփէի նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւնը ո՛չ միայն ճեմարանին, այլեւ Ազգ. Սահակեան վարժարանին (1923) եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (1930) կառուցման ծրագրին:
Այս տարի դանիացի բարերարուհիին մահուան 88-րդ տարելիցը կ’ամբողջանայ: Անոր երախտապարտ կը մնայ ողջ հայ ազգը:
Դաշնակցական գործիչ Հրաչ Փափազեան եւս իր մեծ ներդրումը բերաւ Ճեմարանի հիմնադրութեան, կեանքի կոչելով հայկական երկրորդական վարժարան մը ունենալու եւ զայն հայապահպանման դարբնոց դարձնելու կուսակցութեան ծրագիրը: Ուստի օրուան առաջնորդին, ազգային գործիչներուն եւ ազգային մարմիններուն սերտ գործակցութիւնը ծնունդ տուաւ այս հսկայ ամրոցին:
Փափազեան կարեւոր գործ տարաւ նաեւ հետագային, երբ 1949-էն սկսեալ մինչեւ Լիբանան մեկնումը՝ 1957, շուրջ ութը տարի շարունակ եղաւ Ճեմարանի խնամակալութեան ատենապետ ու նորաբաց հաստատութեան ամենադժուար տարիներուն,  Զարեհ սրբազանին եւ իր ժողովականներուն հետ, ճեմարանին յառաջընթացին ծառայող ամէն ջանք թափեց:
Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանին դերը մեծ եղաւ։ Տասնեակ սերունդներ գիտութեամբ եւ հայեցի կրթութեամբ զինուած շրջանաւարտ դարձան Ճեմարանէն: Ճեմարանը բովանդակ սուրիահայութեան, ապա նաեւ սփիւռքահայութեան եւ ճեմարանի հազարաւոր շրջանաւարտներուն գուրգուրանքին արժանի հիմնարկը դարձաւ:
Երախտապարտ կը մնանք Ճեմարանի հիմնադիրներուն՝ Միս Եփփէին, Զարեհ Սրբազանին, Հրաչ Փափազեանին եւ անոնց գործը շարունակող Թէօլէօլեաններուն, Տօնապետեաններուն, Նալպանտեաններուն, Խաչատուրեաններուն եւ բոլոր այն մշակներուն եւ գործիչներուն, որոնք 75 տարի շարունակ հիմնադիրներուն լուսաւոր ջահը վառ պահեցին:
Ժիրայր Կարապետեան