1 Ապրիլին, Ազգային Ժողովի լրագրողներու հետ ունեցալ զրոյցին մէջ «Հայաստան» դաշինքի պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան ներկայացնելով 5 Ապրիլին ընդդիմութեան հրաւիրած հանրահաւաքի նպատակներն ու պատճառները դիտել տուաւ, որ նկատի առնելով, որ խորհրդարանը ի վիճակի չէ քննարկելու իրական հարցեր, մենք մեր հայրենակիցները կը հրաւիրենք հանրահաւաքի՝ խօսելու Արցախի եւ Հայաստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակին, մարտահրաւէրներուն մասին։ Սաղաթէլեան ըսաւ, որ հանրահաւաքը տեղի պիտի ունենայ խորհրդարանի երկու ընդդիմադիր խմբակցութիւններու նախաձեռնութեամբ։

Պատասխանելով հարցումին, թէ կազմակերպուող հանրահաւաքը կապ ունի՞ 6 Ապրիլին սպասուող Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումին հետ, Սաղաթէլեան ըսաւ․ «Որոշ ձեւով նաեւ անոր հետ կապ ունի։ Յայտնի է, որ տեղի կ’ունենան գործընթացներ, շատ կարեւոր է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները ներկայ ըլլան այդ հանրահաւաքին, և արձանագրուի, որ օրուան իշխանութիւնը չունի որեւէ հովանաւոր երկիրը նոր զիջումներու տանելու»։

Սաղաթէլեանի խօսքին համաձայն, հանրահաւաքը դիմադրութեան դրսեւորում է Հայաստանի պարտուողական եւ երկիրը դէպի անդունդ տանելու օրակարգին։ Պատգամաւորը ընդգծեց, որ այդ մէկ հանրահաւաքով պիտի չբաւարարուին՝ կայ գործողութիւներու ծրագիր։ Անդրադառնալով ընդդիմութեան առաջարկած ձեւաչափով՝ ԱԺ նիստերու դահլիճին մէջ 107 պատգամաւորի ներկայութեամբ վարչապետի հետ հանդիպում կազմակերպելու հարցումին, Սաղաթէլեան յայտնեց, որ անիկա մերժուած է։

Ան յայտնեց, որ իշխանութիւնը առաջարկած է, որ հանդիպումը տեղի ունենայ ԱԺ խորհուրդի նիստին։ Սաղաթէլեանի խօսքով՝ իրենք դէմ են իշխանութեան առաջարկին։ Ընդդիմութիւնը կը հիմնաւորէ իր մերժումը ըսելով, որ խորհրդարանական երկրին մէջ հարցերը խորհրդարանի մէջ պէտք է քննարկուին:

Իշխան Սաղաթէլեան կարեւոր համարեց, որ հանդիպումէն առաջ փափաք ունին ծանօթանալու Արցախի շուրջ քննարկուող փաստաթուղթերուն եւ նամակագրութեան՝ հասկնալու համար թէ ինչի շուրջ իշխանութիւնը կը պատրաստուի բանակցելու։