“Հորիզոն”._29 Մարտին, Պրիթիշ Գոլոմպիա նահանգի Pitt Meadows—Maple Ridge ընտրատարածքը ներկայացնող Քանատայի Խորհրդարանի անդամ Մարք Տալթըն Հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Քանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի անդամ Վահէ Անտոնեանի հետ։

Երեսփոխան Տալթըն Հայ Դատի յանձնախումբին պաշտօնապէս տեղեկացուց, որ իր թեկնածութիւնը առաջադրած է Քանատայի ընդդիմադիր Պահապանողական կուսակցութեան ղեկավարի պաշտօնին համար։ Հեռախօսազրոյցի ընթացքին արծարծուեցան նաեւ քանատահայ համայնքը շահագրգռող հարցեր։

Վահէ Անտոնեան զեկուցեց Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեանց սահմանախախտումներուն եւ զինուորական ոտնձգութիւններուն մասին, ինչպէս նաեւ այս առնչութեամբ Քանատայի կառավարութեան պաշտօնական լռութեան մասին։

Անդրադառնալով եւ գնահատելով հանդերձ Քանատայի կառավարութեան կողմէ Ուքրանիոյ պատերազմի աղէտեալներուն տրամադրուած մեծածաւալ մարդասիրական օժանդակութիւնը, Վահէ Անտոնեան Հայ Դատի յանձնախումբի խոր հիասթափութիւնն ու դժգոհութիւնը փոխանցեց, յայտնելով, որ Քանատայի պետութեան կողմէ մինչ օրս ոչ մէկ շօշափելի օժանդակութուն տրամադրուած է Արցախի բռնագաղթի ենթարկուած բնակչութեան եւ պատերազմի աղէտեալներուն։ Մարք Տալթըն խոստացաւ վերոնշեալ հարցը արծարծել խորհրդարանի Պահպանողական կուսակցութեան խորհուրդի յառաջիկայ նիստի ընթացքին։