“Արմէնփրէս”._4 Ապրիլին ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ընդունած է Մեծ Բրիտանիոյ Համայնքներու պալատի՝ Հայաստան-Մեծ Բրիտանիա խորհրդարանական բարեկամական խումբի պատոիիրակութիւնը, որ կը գլխաւորէր խումբի ղեկավար Թիմ Լոութըն։

Հանդիպումի ընթացքին զրուցակիցները կարեւոր համարած են Հայաստանի եւ Միացեալ Թագաւորութեան միջեւ յարաբերութիւններու հետագայ խորացումը եւ ամրապնդումը՝ այս գործին մէջ շեշտելով նաեւ խորհրդարանական դիւանագիտութեան դերը։ Անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի մէջ իրականցուող բարեփոխումներու գործընթացին: Բրիտանացի խորհրդարանականները բարձր գնահատած են Հայաստանի կողմէն գրանցած ժողովրդավարական յառաջընթացը: Արարատ Միրզոյեան վերահաստատած է ՀՀ կառավարութեան յանձնառութիւնը՝ շարունակելու ժողովրդավարութեան ամրապնդման, օրէնքի գերակայութեան, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան և փտածութեան դէմ անզիջում պայքարի գործընթացը,եւ գնահատած է Միացեալ Թագաւորութեան աջակցութիւնը։

Կողմերը քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին եւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանագօտիին ստեղծուած իրավիճակը։ Նախարար Միրզոյեան մանրամասն ներկայացուցած է ատրպէյճանական զինեալ ուժերու կողմէն Լեռնային Ղարաբաղի Փառուխ գիւղ ներխուժումը, քաղաքացիական բնակչութեան և ենթակառուցուածքներու թիրախաւորումը, Արցախի մէջ մարդկային ճգնաժամ ստեղծելու ուղղուած գործողութիւնները, Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներու մէջ հայկական մշակութային ու կրօնական ժառանգութեան պաշտպանութեան հետ առնչուած հարցերը:

Արարատ Միրզոյեան կարեւոր համարած է բրիտանացի խորհրդարանականներուն ջանքերը՝ ուղղուած 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին ատրպէյճանական զինեալ ուժերու իրականացուցած մարդու իրաւունքներու խախտումներուն եւ վերջին շրջանին Հայաստանի հետ սահմանագօտիին եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ատրպէյճանի յարձակողական գործողութիւններուն եւ անոնց մարդասիրական հետեւանքներու դատապարտումին եւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքների պաշտպանութեան սատարելուն։

Հիւրերի խնդրանքով՝ նախարար Միրզոյեան անդրադարձած է նաև Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին: