31 Մարտ 2022-ին Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան Դամասկոս քաղաքին մէջ ՄԱԿ-ի ականազերծման ծառայութեան գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ ականներու վտանգի իրազեկման եւ հակաականային գործունէութեան աջակցութեան միջազգային օրուան նուիրուած նախաձեռնութիւն։ Նախաձեռնութեան յատուկ հիւրի կարգավիճակով մասնակցեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան «Մարդասիրական Ականազերծման եւ Փորձագիտական Կեդրոն» ՊՈԱԿ-ի անձնակազմը, որ ներկաիս Հալէպ նահանգի մէջ կ’իրականացնէ ականազերծման, իսկ Դամասկոս նահանգի Տարայա արուարձանին մէջ՝ մարտական գործողութիւններու տարածքը մաքրելու աշխատանքներ։

Խումբը ներկայացաւ ցուցադրական ձեւաչափով, որուն ընթացքին յատուկ կահաւորուած տարածքին մէջ ներկայացուեցան «ՀԱՓԿ» ՊՈԱԿ-ի աշխատանքները ՀՀ-ի, ՍԱՀ Հալէպ նահանգի եւ Դամասկոսի մէջ, ինչպէս նաեւ հիւրերուն ներկայացուեցան «ՀԱՓԿ» ՊՈԱԿ-ի գործառնութիւններու համարափ ընթացակարգերով իրականացնող աշխատանքներու ընթացքին կիրառուող գործիքները, նշագրումի համակարգերը, հանդերձանքները, որոնք հիւրերուն մեծ հետաքրքրութիւնը յառաջացուցին։

Նախաձեռնութեան ընթացքին միջազգային որոշ կազմակերպութիւններու հետ ձեռք բերուեցաւ համաձայնութիւն ՍԱՀ-ի հակաականային գործունէութեան ոլորտի մէջ հետագայ գործակցութեան եւ փորձի փոխանակումի մասին։ Նախաձեռնութեան մասնակցած էին ՍԱՀ հաւատարմագրուած շարք մը միջազգային կազմակերպութիւններ, ի մասնաւորի Կարմիր Մահիկի, Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան, Նորվեկիոյ Ժողովուրդի Աջակցութեան (NPA), ՄԱԿ-ի ժողովրդագրական զարգացման գործակալութեան, ՄԱԿ-ի զարգացման ծրագիրի, Ակա Խան հիմանդրամի եւ այլ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։