Գիրքը կը մնայ ճեմարանականներուն մտքի ու երեւակայութեան թռիչքը խթանող հիմնական ազդակը։ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութեան Վարչութիւնը, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս գիրքերու հարուստ աշխարհը բացաւ ճեմարանականներուն եւ այցելուներուն դիմաց, երբ կազմակերպեց գիրքերու այս տարուան ցուցահանդէս-վաճառքը։
Արժ. Տէր Զարեհ Քահանայ Շաքարեանի, Ճեմարանի Տնօրէնութեան, Շրջ. Միութեան Վարչութեան անդամներուն եւ ուսուցչական կազմին ներկայութեան, Երկուշաբթի, 4 Ապրիլ 2022-ի միջօրէին բացումը կատարուեցաւ «Զարգացում Եւ Վերելք» խորագիրը կրող ցուցահանդէսին, Ճեմարանի «Զարեհեան» սրահէն ներս։
Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Շրջ. Միութեան կազմակերպած սոյն նախաձեռնութիւնը մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց աշակերտներուն մօտ, որոնք ոգեւորութեամբ ծանօթացան ցուցադրուած գիրքերուն։
Գիրքերու կողքին ցուցադրուած էր մամուլի ճոխ հաւաքածոյ՝ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի եւ Շրջանաւարտից Միութեան հրատարակութիւններու եւ արխիւներու, յատուկ ցուցափեղկի մէջ զետեղուած էր Սիմոն Վրացեանի մակագրութեամբ 1954-ին Ճեմարանին նուիրուած «Հայաստանի Հանրապետութիւն» հատորը, որ ինքնին մեծ արժէք մը կը ներկայացնէ Ճեմարանի արխիւներուն մէջ։ Աւելի քան 10. 000 գիրք ցուցադրող սրահը կ՚այցելեն գրական, գեղարուեստական, գիտական եւ արուեստի նուիրուած գիրքերով հետաքրքրուողներ։
Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի յաջորդող օրերուն՝ առաւօտեան ժամը 10։00-էն 2։00, իսկ երեկոյեան ժամը 4։00-էն 6:30:
Ժիրայր Կարապետեան