“Արմէնփրէս”._Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Պայրամովի հետ:

«Կողմերը միտքեր փոխանակած են Հարաւային Կովկասի մէջ տիրող իրավիճակին՝ եռակողմ յայտարարութիւններու (ստորագրուած Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու կողմէն) իրագործման շուրջ, ինչպէս նաեւ քննարկած են իրավիճակը Ուքրանիոյ մէջ», ըսուած է Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։

Պայրամովն ու Չաւուշօղլուն քննարկած են նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր։