Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին Թուրքիա զօրավիգ կանգնելով Ատրպէյճանին նպաստեց անոր զինուորական յառաջխաղացքին:
Ատրպէյճանի ծաւալած պատերազմին արդիւնքով արդէն իսկ իրականացաւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման Թուրքիոյ առաջին նախապայմանը, այսպէս կոչուած «հայկական կողմին Արցախ-Ատրպէյճան սահմանային կարգ մը գիւղերէն նահանջը»: Տեղի ունեցաւ աւելին. Ատրպէյճան հասաւ մինչեւ Շուշի:
Ատրպէյճանին Շուշիի սահմանը հատելէն ետք միայն կողմերուն զինադադարի յայտարարութիւնը կը յուշէ առկայութիւնը նախօրօք նախատեսուած ճամբաներու ապաշրջափակման ծրագիրի մը, որ կը սկսի Թուրքիայէն, կ’անցնի Նախիջեւանէն ու Հայաստանի սահմանէն  եւ Շուշիի ճամբով կը մտնէ Ատրպէյճան:
Պատերազմէն անմիջապէս վերջ երեւան եկաւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման թէզ մը:  Ու հակառակ անոր, որ արցախեան առաջին պատերազմէն ետք, երբ հռչակուեցաւ Արցախի անկախութիւնը, Ատրպէյճան դէմ կեցաւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման, հիմա սակայն, Արցախի հողերու կորուստէն ետք, ան ջատագովներէն մէկն է այդ կարգաւորման:
Ուքրանիոյ պատերազմը աւելի արագ կշռոյթի մէջ դրաւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը, քանի որ այս պատերազմը կը ստիպէր տարածաշրջանի երկիրները վերանայիլ իրենց արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններուն:
Ինչո՞ւ այս աճապարանքը:
Ատրպէյճան քաջ կը գիտակցի, որ այս պարագային, Թուրքիոյ հետ միասին, պիտի ստիպէ Հայաստանը ճանչնալ իր տարածքային ամբողջականութիւնը: Այս մէկը Թուրքիան եւս կը յայտարարէ բացայայտօրէն, հակառակ անոր, որ հայրենի իշխանութիւնները բազմիցս կը շեշտեն, թէ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները պիտի կարգաւորուին առանց նախապայմանի:
«Մենք պիտի շարունակենք աշխատիլ երկկողմ յարաբերութիւններու առանց նախապայմաններու կարգաւորման», Անթալիոյ մէջ տեղի ունեցած ժողովին լրագրողներուն ըսաւ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան։
Աճապարանքի երկրորդ պատճառը Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ Ռուսիոյ պատերազմական վիճակի մէջ ըլլալէն օգտուիլն ու անոր ազդեցութիւնը հարաւային Կովկասի մէջ թուլացնելն է: Յատկապէս նկատի ունենալով, որ արցախեան վերջին պատերազմէն ետք Արցախի ապահովութիւնը երաշխաւորողները ռուսական խաղաղապահ ուժերն են: Ուստի թուլացնելով Ռուսիոյ ազդեցութիւնը եւ փոխարէնը ընդլայնելով Թուրքիոյ ազդեցութիւնը հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ, Ատրպէյճան ամրագրած պիտի ըլլայ Արցախի բռնագրաւումը: Աւելին. ան Հայաստանի հետ խաղաղութեան ու տնտեսական կապերու հաստատման պատրուակով իր ճնշումի օղակը պիտի ընդլայնէ ոչ միայն Արցախի, այլեւ Հայաստանի տնտեսական ոլորտներուն վրայ: Կազատար խողովակներու վերջին պայթումը օրինակ մըն էր նման քայլեր կանխատեսելու:
Ուքրանիոյ մէջ ռուսական յառաջխաղացքը կը մտահոգէ Ատրպէյճանը: Հետեւաբար որքան արագ կեանքի կոչուին ճամբաներու ապաշրջափակման ծրագիրներն ու թրքական գործօնին ազդեցութեան ընդլայնումը, Ատրպէյճան այնքան պիտի ամրագրէ Հայաստանի հետ սահմաններու ճշդման իր հարցերն ու Արցախը իր տարածքային ամբողջականութեան մէջ տեսնելու նկրտումները:
Որքան ուշանայ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը, այնքան հաւանական կը դառնայ ռուսական միջամտութեան ազդեցութիւնը, ինչ որ կրնայ Արցախին ի նպաստ ըլլալ, անոր ապահովութիւնը ամրագրելու եւ Արցախի կարգավիճակի յստակացման մէջ ԵԱՀԿ Մինսքի միջնորդութիւնը կենսունակ դարձնելու իմաստով:
Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի համար յարաբերութիւններու կարգաւորման յարմարագոյն պահն է:
Հայաստան կրնայ օգտուիլ յարաբերութիւններու կարգաւորումէն միայն այն պարագային, երբ նախապայմաններու լեզուն չի խօսիր:
Փաստը սակայն հակառակը կը յուշէ: Արցախի գիւղերու վրայ եղած յարձակումները, բնակչութիւնը խուճապի մատնելու Ատրպէյճանի փորձերը, իսկ Թուրքիոյ ղեկավարներուն կողմէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը Ատրպէյճան-Հայաստան վերջնական խաղաղութեան հաստատման հետ կապելը հասկնալի քայլեր են այս առումով:
Հայաստանի մէջ ընդդիմութեան բողոքի ցոյցերը այս վտանգները լոյսին կը բերեն, պահանջելով հայրենիքին շահերը պահպանուած տեսնելու յանդուգն քայլեր: