Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. վարժարանի տնօրէն երկրչփ. Անդրանիկ Պօղոսեան սուրիահայ վարժարաններու ամէնէն երկար ժամանակաշրջանով պաշտօնավարած տնօրէնը ըլլալով «Գանձասար»-ի թղթակիցին հետ զրուցեց իր փորձառութեան մասին: Հետաքրքրական ու ողջունելի է տնօրէնին եռանդն ու աշխատասիրութիւնը երկրի դժուար պայմաններուն մէջ անգամ: 23 տարիներու ծառայութիւն ունեցող տնօրէնը ժպտադէմ ու լաւատես է, ան կը հաւատայ կրթական հաստատութեան առաջնային դերակատարութեան մարդու նկարագրի կերտման եւ հետաքրքրութիւններու զարգացման մէջ:
«Գանձասար»- Պարո՛ն Անդրանիկ, կը խնդրեմ հակիրճ կերպով պատմէք տնօրէնութեան ձեր 23 տարիներու փորձառութենէն:
-Նախ շնորհակալ եմ Աստուծոյ, որ ինծի առիթ ընծայեց ազգային, կրթական եւ հայրենասիրական պարտականութիւններ ստանձնելու: Աւարտելով Գամիշլիի պետական համալսարանի գիւղատնտեսական երկրաչափութեան ճիւղը, պետութեան մօտ 21 տարի պաշտօնավարած եմ, նախ որպէս պետական գրասենեակի փոխտնօրէն, ապա ընդհանուր տնօրէն, միեւնոյն ատեն չեմ թերացած ազգային պարտականութիւններուս մէջ: Եղած եմ Գամիշլիի ազգային վարժարանի հոգաբարձութեան անդամ եւ ատենապետ, ապա եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ, ծառայելով նաեւ քաղաքապետարանէն ներս եւ չորս տարի որպէս անդամ գիւղատնտեսական երկրաչափներու արհմիութեան մէջ, ուստի առիթ ունեցած եմ լաւ փորձառութիւն ձեռք ձգելու:
Վիքթոր Հիւկոն ըսած է. «Եթէ տեսնես այրած դաշտ մը, իմացիր որ թուրքը այդտեղէն անցած է», իսկ իմ նշանաբանս եղած է հետեւեալը. «Այդ այրած դաշտը պէտք է վերակենդանացնել, կանաչի վերածել, որպէսզի ըսուի, որ հայը ծաղկեցուց եւ շինեց զայն»: Այս է գաղտնիքը, որ որպէս հայ երիտասարդ, ոչ-պետական մարդ կրցայ ներկայութիւն դառնալ աշխատանքովս, պետական տարբեր մակարդակներու վրայ:
23 տարիներու ընթացքին պատիւ ունեցայ պաշտօնավարելու Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. վարժարանէն ներս որպէս տնօրէն: Կրթասիրացը, որ հիմնադրուած է 1924-ին, մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի բաժիններով, 2003-ին ունեցաւ միջնակարգի բաժին, որուն առաջին սերունդը վկայուեցաւ 2006-ին: Այդ սերունդը պահելով, վարժարանը երկրորդական բաժինի արտօնագիր ունեցաւ եւ անդրանիկ սերունդը վկայուեցաւ 2009-ին, արժանանալով յատուկ գնահատանքի Հալէպի կրթական տնօրէնութեան կողմէ: Հանդէսին ներկայ էին ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ներկայացնող վարդապետը եւ բարերար տիար Գաբրիէլ Չէմպէրճեան, որուն նուիրատուութեամբ վարժարանը կոչուեցաւ իր հանգուցեալ եղբօր՝ Սարգիս Չէմպէրճեանի անունով:
Մեր աշակերտները իրենց մասնագիտական ուսումը շարունակեցին դառնալով բժիշկներ, երկրաչափներ եւ զանազան մասնագիտութեանց տէր, ներկայանալի երիտասարդներ: Դպրոցը մինչեւ 2011 տարեշրջան ունեցաւ 711 աշակերտ՝ մանկապարտէզէն մինչեւ երկրորդական կարգ իր երկու ճիւղերով՝ գիտական եւ գրական: 2012-ին, երբ Սուրիոյ պատերազմին պատճառով հիւրընկալ Հալէպը ծանր հարուածներ ստացաւ, մեր աշակերտներէն շատեր ուղղուեցան հայրենիք եւ այլուր, հետեւաբար աշակերտութեան թիւը պակսեցաւ եւ որովհետեւ վարժարանը նիւթական այլ աղբիւր չունէր, ստիպուած եղանք պարապ աթոռները լեցնել քրիստոնեայ ոչ հայախօս աշակերտներով: Այս պարագային մեր սաներուն վճարումները անուղղակիօրէն ապահովեցինք այս նորեկ աշակերտներէն, որոնք մեր քով մնալով լաւ տպաւորութիւն ունեցան հայութեան մասին եւ եղան հայ ազգի դեսպաններ: Օրինակ մը տալու համար ըսեմ, որ Փարիզի մէջ ունինք մեծ բեմադրիչ մը, որ հպարտանքով կը խօսի Կրթասիրացի եւ հայութեան մասին, նաեւ մեծ համբաւ ունեցող BBC կայանի թղթակիցը, որ հայախօս է: Չեմ կրնար մոռնալ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակին Շուէտէն մեր աշակերտին հայերէն լեզուով գրած նամակը, ուր կը դատապարտէր Էրտողանը, որ վնաս հասցուց իր երկու հայրենիքներուն՝ Սուրիոյ եւ Հայաստանի:
Այս է մեր կրթօճախին առաքելութիւնը եւ յաջողութիւնը, որոնք կրցանք մինչեւ օրս վայելել եւ ծնողները գոհացնել: Այսօր մեր աշակերտութեան թիւն է 684, որոնց մեծ մասը հայ է, նաեւ ունինք քրիստոնեայ ոչ-հայախօս աշակերտներ, որոնք կը փափաքին հայերէն դասապահերուն մասնակցիլ եւ հայերէն սորվիլ: Այս կրթօճախին յաջողութիւնը կը պարտինք Կրթասիրացի ջերմ ընտանիքին եւ ողջ անձնակազմին՝ ըլլան անոնք ուսուցիչներ, վարչական  պաշտօնեաներ եւ ժողովականներ, որոնք իրենց լաւագոյնը կու տան, որպէսզի վարժարանը յառաջ երթայ:
Ես համոզուած եմ եւ միշտ կը կրկնեմ, ինչպէս Հալէպի կրթական տնօրէնին ըսած էի. «Պատրաստ եմ բոլոր օրէնքները խախտել, հայ աշակերտներուն օգտակար դառնալու համար: Ինծի համար ազգային եւ մարդկային պարտականութիւն է այս կրթօճախին դռները բաց պահել: Ինծի համար մեծ ուրախութիւն է, որ այս կրթօճախէն շրջանաւարտ դառնան մեր ազգի զաւակները»:
2022-ին, պաշտօնավարմանս 23-րդ տարին կ’ամբողջացնեմ այստեղ, թերեւս քիչ մը դժուարութիւններ ունենամ, սակայն յաջողութիւնս կը պարտիմ այն թեւերուն, որոնցմով կը թռչիմ: Այդ թեւերն են՝ հետս գործող պաշտօնեաները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր գործին մէջ լաւագոյնը կը կատարէ: Հայու զաւակ եմ եւ Հայաստանը իմ հայրերուս հայրենիքն է, հետեւաբար Հայաստանը իմ հայրս է, իսկ Սուրիան՝ մայրս եւ ներելի չէ ինծի համար վիրաւոր մայրս ձգել եւ հեռանալ: Յառաջացած տարիքիս բոլոր դժուարութիւնները կը փորձեմ յաղթահարել, որպէսզի ծառայեմ սուրիական Հայրենիքին եւ օգտակար դառնամ սուրիահայ մեր զաւակներուն:
Փառք ու պատիւ մեր նուիրեալ ազգային մարդկանց, շնորհակալութիւն Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանին, Ազգ. Իշխանութեան, Կրթասիրաց Մշկթ. Միութեան Խնամակալութեան, Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. վարժարանի Հոգաբարձութեան եւ ողջ անձնակազմին:
«Գանձասար».- Ի՞նչ է ձեր յորդորը հասակ առնող հայ սերունդներուն:
– Փափաքս է, որ մեր զաւակները եւ աշակերտները պահպանեն իրենց հայութիւնն ու ազգասիրութիւնը եւ ուր որ ալ գտնուին ուշադիր ըլլան, որ հայուն անունը բարձր պահեն: Այս մէկը կ’իրականանայ, երբ իրենք հայերէն լեզուին լաւապէս կը տիրապետեն եւ հայոց պատմութիւնը միշտ կը յիշեն: Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակումի Ապրիլ ամսուան մէջ, վարժարանի շրջափակէն ներս հայերէն եւ ազգային երգեր կը սփռենք, որպէսզի մեր աշակերտներուն ականջները լեցուին հայերէն երգերու բովանդակալից բառերով:
Այս առիթով, շնորհակալական խօսքս կ’ուղղեմ «Գանձասար» պաշտօնաթերթի խմբագրակազմին, որ պատնէշի վրայ մնալով կը շարունակէ սուրիահայութեան աշխոյժ գործունէութեան մասին արձագանգել:
Հարցազրոյցը վարեց
Մարինա Պօղիկեան