ՏԵՂԱԿԱՆ 
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ 
– Սուրիոյ Պասքեթի աղջկանց Բ. դասակարգի մրցումներուն, Դամասկոսի մէջ ՀՄԸՄ-ի կազմը յաջողեցաւ 71 – 66 արդիւնքով պարտութեան մատնել հիւրընկալ Ֆէյհաա-ը: Զոյգ խումբերը կրկին պիտի հանդիպին Շաբաթ, 9 Ապրիլին, Հալէպ, ՀՄԸՄ-ի մարզադաշտէն ներս:
– Սուրիոյ հաւաքականի հայ խաղացող Մարտիկ Մարտիկեան, Սուրիա-Իրաք հանդիպումին սկիզբը ստացաւ ծանր վնասուածք մը, որուն հետեւանքով դուրս եկաւ դաշտէն։ Մարտիկ վերջին երկու մրցումներուն կրկին կրցաւ իր տեղը գրաւել հաւաքականի հիմնական կազմին մէջ։ Լիբանանի հետ կայացած հանդիպումին, ան տուգանային հարուածով նշանակեց Սուրիոյ երկրորդ կոլը:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ 
ՄԱԼԽԱՍ ԱՄՈՅԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱԽՈՅԵԱՆ 
Պուտափեշտի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի ըմբշամարտի ախոյեանական մրցումներուն, Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Մալխաս Ամոյեան նուաճեց ոսկի մետալ:
Հայ մարզիկը 77 քկ. ծանրութեան կարգի եզրափակիչ մենամարտին յաջողեցաւ պարտութեան մատնել թուրք մրցակիցը եւ ձեռք ձգել տիտղոսը: Նոյն մրցաշարքին Հայաստանը ներկայացնող Գէորգ Ղազարեան 60 քկ. ծանրութեան կարգի մրցումներուն գրաւեց 3-րդ հորիզոնականը եւ արժանացաւ պրոնզ մետալի:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ 
«ՔԱԹԱՐ-2022»-Ի ՎԻՃԱԿԱՀԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՝ ՏԱՈՒՀԱՅԻ ՄԷՋ 
Անցեալ շաբթուան ընթացքին, Քաթարի մայրաքաղաք Տաուհայի մէջ տեղի ունեցաւ 2022-ի համաշխարհային ֆութպոլի մրցումներու վիճակահանութիւնը: Մասնակից հաւաքականները բաժնուեցան ութը խմբակներու, որոնք կրեցին հետեւեալ պատկերը: Ա. խումբ՝ Քաթար, Հոլանտա, Սենեկալ, Էքուատոր
Բ. խումբ՝ Անգլիա, ԱՄՆ, Իրան, Ուելզ /Ուքրանիա յաղթող
Գ. խումբ՝ Արժանթին, Մեքսիք, Լեհաստան, Սէուտական Արաբիա
Դ. խումբ՝ Ֆրանսա, Փերու/Աւստրալիա յաղթողը, Դանիա, Թունուզ
Ե. խումբ՝ Սպանիա, Քոսթարիքա/Նիւզլանտա յաղթող, Գերմանիա, Ճափոն
Զ. խումբ՝ Պելճիքա, Քորուաթիա, Մարոք, Քանատա
Է. խումբ՝ Պրազիլ, Զուիցերիա, Սերպիա, Քամերոն
Ը. խումբ՝ Փորթուկալ, Ուրուկուէյ, Հարաւային Քորիա, Կանա:
Ըստ նախնական գնահատականներու, դժուարագոյն խմբակը եղաւ 7-րդ խմբակը որուն մաս կը կազմէ Պրազիլ: Մրցումները տեղի պիտի ունենան 21 Նոյեմբերէն մինչեւ 18 Դեկտեմբեր:
Պատրաստեց՝ Ռաֆֆի Սիւլահեան