«Տէ՛ր, որո՞ւն երթանք. յաւիտենական կեանք տուող խօսքերը Դո՛ւն ունիս» (Յհ 6.68):
Այսօր Հայ Եկեղեցին հոգեկան բերկրանքով եւ ուրախութեամբ կը տօնէ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութիւնը, որ Քրիստոսի աշակերտելու հրաւէր է բոլորիս համար:
Քրիստոսի խաչելութեամբ մարդիկ, ներառեալ աշակերտները, որոնք կը հաւատային թէ Քրիստոս Աստուած է, Փրկիչն է, երբ տեսան Յիսուսի մահը խաչին վրայ, անոնց մէջ մեռաւ յոյսը, կարծելով որ Քրիստոսի կատարած խոստումները վերջ գտան:
Քրիստոս Իր երկրաւոր կեանքի ընթացքին բազմաթիւ բժշկութիւններ, հրաշքներ կատարեց եւ ժողովուրդին ուսուցանեց, ցոյց տալով Իր աստուածութիւնը: Յիսուս յայտնեց, թէ տաճարէն աւելի մեծ մէկը կայ հոս եւ հետեւաբար Ինքզինք ներկայացուց որպէս կեանքի դուռը, Մեսիան, Փրկիչը, եւ այս մէկը Հրեաներուն եւ օրէնքի ուսուցիչներուն զայրոյթ պատճառեց:
Ակնարկ մը նետելով Յովհաննու Աւետարանի 6-րդ գլխուն մէջ յիշուած հինգ հազարի կերակրումի դրուագին, կը տեսնենք, որ այն բազմութիւնը, որ կ’ուզէր Քրիստոսը Թագաւոր հռչակել, երբ Յիսուս նաւակով աշակերտներուն հետ կը հեռանայ, յաջորդ օրը, անոնք այլ հետեւորդներու հետ Յիսուսը կը փնտռեն եւ կը գտնեն զԻնք: Յիսուս անոնց կը խօսի Իր ինքնութեան մասին: Շատեր կը հեռանան: Ներկաներէն ոմանք կ’ըսեն՝ կը ճանչնանք այս մարդը, որ Մարիամի եւ Յովսէփի զաւակն է, այսինքն՝ Յիսուսը կը ճանչնան, որպէս մահկանացու արարած մը, եւ ո՛չ թէ երկնքէն իջած Աստուածորդին:
Ամբոխը հեռանալէն ետք, Յիսուս հարց կու տայ աշակերտներուն ըսելով. «Միթէ դո՞ւք ալ կ’ուզէք երթալ»: Պետրոս առաքեալ կը պատասխանէ. «Տէ՛ր, որո՞ւն երթանք. յաւիտենական կեանք տուող խօսքերը Դո՛ւն ունիս: Մենք հաւատացինք ու գիտցանք թէ Դո՛ւն ես Քրիստոսը, Աստուծոյ Սուրբը» (Յհ 6.68-69): Այս խօսքերով աշակերտները իրենց հաւատքը կը հաստատեն եւ Յիսուսի հետ կը մնան: Անոնք կը հաւատան Յիսուսի, ո՛չ թէ որովհետեւ Յիսուս հրաշքներ գործեց, բժշկութիւններ կատարեց կամ ուսուցումներ փոխանցեց, այլ որովհետեւ անոնք Յիսուսի մէջ կը տեսնեն աստուածութիւնը, կը ճանչնան Յիսուսը որպէս Աստուածորդի, Մեսիա, Փրկիչ, նոյնիսկ յարութենէն ետք մինչեւ մահ եւ նահատակութիւն անոնք հաստատուն կը մնան իրենց հաւատքին վրայ:
«Տէ՛ր, որո՞ւն երթանք. յաւիտենական կեանք տուող խօսքերը Դո՛ւն ունիս»: Այս նախադասութիւնը արտասանող հաւատարիմ աշակերտները, Յիսուսի խաչելութենէն եւ թաղումէն ետք, կարծեցին թէ սխալած էին իրենց ընտրութեան, իրենց հաւատքին եւ Յիսուսի աշակերտելուն մէջ: Խաչելութեան պահուն բոլորը հոն էին, բացի յոյսէն՝ Քրիստոսէն, որ մեռաւ խաչին վրայ: Ուստի, յաւիտենական կեանքի եւ փրկութեան յոյսը մեռաւ անոնց մէջ, երբ տեսան Յիսուսի մահը խաչին վրայ: Քրիստոսի կեանքը կրնար վերջ գտնել եւ պատմութիւնը կ’աւարտէր, սակայն եզակի դէպք մը պատահեցաւ յարութեան առաւօտուն եւ յեղաշրջեց պատմութեան ընթացքը: Քրիստոսի յարութեամբ նոր սկիզբ մը ունեցաւ մարդկութեան կեանքը:
Հետեւաբար, ո՛չ միայն Յիսուսի ուսուցումները, հրաշագործութիւնները եւ բժշկութիւնները Անոր աստուածութիւնը կը բացայայտեն, այլեւ՝ Անոր խաչելութիւնը, մահը եւ մանաւա՛նդ մեռելներէն յարութիւն առնելը:
Ուստի, ի՞նչ կը պատահի յարութեան պահուն, երբ կիները գերեզման կ’երթան:
Յովսէփ Արիմաթացին, Յիսուսի թաղումէն ետք Անոր մարմինը կը խնդրէ եւ մաքուր գերեզմանի մը մէջ կը թաղէ: Յարութեան առաւօտուն, երբ կիները կանուխէն գերեզմանը տեսնելու կ’երթան, Աստուծոյ հրեշտակը երկինքէն իջնելով կը գլորէ գերեզմանի մուտքին դրուած քարը, ապա կիներուն կ’ըսէ. «Մի՛ վախնաք: Հոս չէ, որովհետեւ յարութիւն առաւ: Գացէ՛ք եւ ըսէ՛ք իր աշակերտներուն՝ թէ յարութիւն առաւ» (Մտ 28.1-15)։
Փրկութեան ժամանակը հասած էր: Քրիստոսի յարութեամբ Աստուծոյ թագաւորութիւնը հաստատուեցաւ երկրի վրայ: Քրիստոսի յարութեամբ մարդը մօտեցաւ Աստուծոյ թագաւորութեան: Հետեւաբար, Յիսուսի հրաշափառ յարութիւնը Քրիստոսի աշակերտելու հրաւէր է բոլորիս համար: Այլ խօսքով՝ ապաշխարութեան, հաւատքի վերազարթօնքի եւ փրկութեան աւետիսին հաւատալու հրաւէր մը: Քրիստոնեայ հաւատացեալը պէտք է ընդունի այս հրաւէրը, այնպէս ինչպէս աշակերտները հաւատացին եւ հետեւեցան Անոր, թէեւ տկարացան, սակայն Քրիստոսի յարութեամբ վերահաստատեցին իրենց հաւատքը:
Սիրելի՛ հաւատացեալներ,
Այսօր, մենք եւս որպէս Յիսուսի հաւատաւոր աշակերտները, մարդկային մեր կեանքին մէջ կը հանդիպինք տկարութիւններու եւ փորձութիւններու, սակայն հաւատարիմ պէտք է մնանք մեր կոչումին եւ հաւատքին մէջ: Քրիստոսի յարութեամբ կոչուած ենք ընդունելու հրաւէրը եւ մասնակից դառնալու Անոր թագաւորութեան եւ յաւիտենական կեանքին:
Ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ, Քրիստոսի յարութիւնը մեզմէ իւրաքանչիւրին յոյս կը ներշնչէ՝ հաւատքով եւ նուիրումով ապրելու քրիստոնէավայել կեանք մը, փառաւորելու համար մեր Երկնաւոր Հայրը, որ Իր գթասրտութեամբ եւ ողորմութեամբ կը պահէ մեզ չարին որոգայթներէն:
Ս. Յարութեան տօնին առիթով, Բերիոյ Հայոց Թեմի ժողովականութեան, ժողովուրդին անունով եւ անձնապէս մեր որդիական սէրն ու երախտագիտութիւնը կը յայտնենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Գահակալ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, մաղթելով քաջառողջութիւն եւ արեւշատ տարիներ, որպէսզի հովուապետական ծաղկուն մականով շարունակէ յառաջ տանիլ Հայ Եկեղեցւոյ նուիրական առաքելութիւնը: Քրիստոսի հրաշափառ յարութեամբ զօրացած եւ վերանորոգ թափով միասնաբար պիտի շարունակենք մեր երթը, կեդրոնանալով Նորին Սրբութեան հռչակած «Սփիւռքի Տարի» հռչակագիրին վրայ:
Հայրական օրհնութիւններով կը շնորհաւորենք Թեմիս Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովը, Ազգ. Վարչութիւնը, Կրօնական Ժողովը, Թեմիս բոլոր շրջաններուն մէջ գործող հոգեւորականները, թաղական խորհուրդները, ազգային մարմինները, կազմակերպութիւնները, միութիւնները եւ բարեպաշտ ժողովուրդը, բոլորին մաղթելով յաջողութիւններով եւ նոր ձեռքբերումներով լեցուն տարիներ:
Կ’աղօթենք առ բարձրեալն Աստուած, որ Իր հայրական օրհնութեամբ առաւել ծաղկեցնէ սուրիական հայրենիքը, պահէ ու պահպանէ Հայաստանն ու Արցախը:
«Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց. Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի»:
Հալէպ, 17 Ապրիլ 2022
Մասիս Եպս. Զօպուեան
Առաջնորդ Բերիոյ Հայոց Թեմի