Զատկուան ընթացքին ծառեր եւ ճիւղեր հաւկիթներով զարդարելու գերմանական աւանդոյթը երկար պատմութիւն ունի:

Հաւկիթը հինէն ի վեր կը համարուի կեանքի խորհրդանիշ: Հաւկիթները կը կախուին ծառի կտրուած ճիւղերուն վրայ, որոնք տուն կը տարուին:
Այս աւանդոյթը ծնունդ առած է նախ Գերմանիոյ ապա Աւստրիոյ, ինչպէս նաեւ Գերմանիոյ մշակութային  ազդեցութեան տակ գտնուող շրջաններուն մէջ, ետքը տարածուած է նաեւ Միացեալ Նահանգներ ապա՝ Միջին Արեւելք:
Զատկուան ծառերը երբեմն կը զարդարէին Մայիս ամսուն, Սուրբ Ծնունդին, Երրորդութեան օրը եւ ամառնային արեւադարձին:
Գերմանական Զատկուան աւանդոյթները կը ներառեն նաեւ ջրհորի ձեւաւորումը (Osterbrunnen), Զատկուան յատուկ նապաստակները (Osterhasen) եւ խարոյկները (Osterfeuer):
Քրաֆթ անունով գերմանացի մը եւ իր ընտանիքը սկսած են ծառը առաջին անգամ զարդարել1965-ին՝18 կերպընկալէ հաւկիթներ կախելով անոր վրայ: Ապա տարուէ տարի աւելցուցած են հաւկիթներուն թիւը: Այս բոլորը եղած է Ֆոլկեր Քրաֆթի մանկութեան երազը, 1994-ին Քրաֆթի ծառին վրայ կախուած էր շուրջ 350 հաւկիթներ: Ծառը բնական էր, հողին մէջ աճող, իսկ անոր աճելուն զուգահեռ աւելի շատ հաւկիթներ կը տեղադրուէին ծառին վրայ, որպէսզի յարդարանքը կատարելագործուէր: Քրաֆթները պահած են իրենց տան մէջ օգտագործուած գրեթէ բոլոր հաւկիթներուն պատեանները եւ զանոնք ներկելով կախած են ծառէն:
1994-էն մինչեւ 2009 Քրաֆթները ծառին վրայ կախած են շուրջ 700 Զատկուան յատուկ գունաւոր հաւկիթներ:
2012-ին Զատկուան ծառը արդէն ունէր 10.000 հաւկիթ, այս քանակին հասնելով Քրաֆթ որոշած էր այլեւս նոր հաւկիթներ չաւելցնել ծառին:
Քրաֆթի ընտանիքը ծառը զարդարել կը սկսէր Փետրուար ամիսէն մինչեւ Մարտի վերջը՝ Զատիկէն շուրջ չորս շաբաթ առաջ:
Հաւկիթ
Ծառի յարդարման համար օգտագործուած բոլոր հաւկիթները դատարկ էին, կ’օգտագործուէր միայն անոնց կճեպը: Քրաֆթ ընտանիքի անդամներ որոշ նախշերով գոյնզգոյն կը ներկէին այդ հաւկիթները: Ամէն տարի կ’ընտրէին նոր նիւթեր՝ գծելու հաւկիթներուն վրայ: Անոնք  կը գծէին նոյնիսկ աշխարհահռչակ շէնքեր, դէմքեր եւ այլն…:
Հայկական Աւանդոյթը
Հայ հաւատացեալները Զատկուան շաբաթը հաւկիթը կարմիր եւ այլ գոյներով կը ներկեն: Հաւկիթը կը համարուի Յարութեան եւ նոր կեանքի խորհրդանիշ: Կարմիր գոյնը կը խորհրդանշէ խաչեալ Յիսուսի կենարար արիւնը, որ թափեցաւ մարդկութեան փրկութեան համար, իսկ մնացեալ գոյները կեանքն ու գարունը կը խորհրդանշեն: Ըստ Ս.Գրիգոր Տաթեւացիի՝ հայերը միայն Զատկին հաւկիթ կը ներկեն: Ինչպէս իմաստուններ կ’ըսեն. «Արտաքին կեղեւը նման է երկինքին, թաղանթը՝ օդին, սպիտակուցը՝ ջուրին, դեղնուցն ալ՝ երկրին: Իսկ կարմիր գոյնը կը յուշէ, որ աշխարհը Քրիստոսի արիւնով ներկուեցաւ: Մենք կարմիր հաւկիթը մեր ձեռքերուն մէջ առնելով՝ կը հռչակենք մեր փրկութիւնը»:
Սոնա Տէր Պօղոսեան-Տարաքճեան