Որպէսզի հաւկիթները լաւ գոյն ստանան, պայման է օգտագործել միայն ճերմակ տեսակները:
Հաւկիթները ներկելէ առաջ անհրաժեշտ է զանոնք լուալ կամ մաքրել քացախով, որպէսզի գոյները ջինջ եւ յատուկ ըլլան: Խաշելու պահուն աղ աւելցնել ջուրին մէջ, որպէսզի հաւկիթներուն պատեանը չճաթի:
Հաւկիթները ներկելէ ետք պէտք է զանոնք շփել ձէթով՝ գոյները աւելի վառ դարձնելու եւ փայլք տալու համար:
Շատերուն կը թուի, թէ հաւկիթ ներկելու ժամանակ իրենց գործը հաւկիթի կեղեւին հետ է, մինչդեռ վերջինս շատ բարակ է եւ նուրբ, իսկ ներկերուն մէջ առկայ վտանգաւոր նիւթերը կրնան դիւրաւ ներթափանցել եւ թունաւորումներ պատճառել:
Քիմիական ներկերը նախընտրելի է օգտագործել  պարպուած, փայտեայ կամ կաւէ հաւկիթները ներկելու համար, քանի որ ասոնք զարդարանքի կը գործածուին: Իսկ ուտելու հաւկիթները գունաւորելու համար յանձնարարելի է օգտագործել աւանդական ձեւեր եւ բնական ներկանիւթեր, քանի որ զանոնք ուտողներուն առողջութիւնը եւ անվտանգութիւնը աւելի կարեւոր է:
Բնական ներկանիւթեր են սուրճը, ճակնդեղը, սաֆրանը, կարմիր կաղամբի տերեւները, կարմիր սոխի տերեւները եւ ազատքեղը: Այս բոյսերը պէտք է խաշել հաւկիթներուն հետ, իւրաքանչիւրէն գոյն մը ստանալու համար: