“Արմէնփրէս”._18 Ապրիլին տեղի ունեցած է Յունաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիգրան Մկրտչեանի այցելութիւնը Յունաստանի Քալամաթա քաղաք:

Տիգրան Մկրտչեան Քալամաթայի մէջ մասնակցած է տեղի քաղաքապետարանի եւ հայոց միութեան գործակցութեամբ կազմակերպուած Հայոց Ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցին նուիրուած նախաձեռնութեան, որուն ներկայ էին Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ` Գերաշնորհ Տէր Գեղամ Արքեպիսկոպոս Խաչերեան, Քալամաթայի քաղաքապետ Աթանասիոս Ուասիլոփուլոսը, Յունաստանի խորհրդարանի պատգամաւոր Փերիքլիս Մանտաս, Յունաստանի եւ Քալամաթա քաղաքի հայկական համայնքի ներկայացուցիչներ:

Ձեռնարկին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է Քալամաթայի քաղաքապետ Աթանասիոս Ուասիլոփուլոս: Իր խօսքին մէջ ան դիտել տուած է, որ 107 տարի առաջ տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը պիտի շարունակէ մնալ միջազգային հանրութեան ուշադրութեան կեդրոնը՝ ընդգծելով անմեղ զոհերու յիշատակման եւ ոգեկոչման կարեւորութիւնը:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է նաեւ Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ` Գերաշնորհ Տէր Գեղամ Արքեպիսկոպոս Խաչերեան ընդգծելով, որ 107 տարի առաջ տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութեան յաջորդեցին Պոնտոսի յոյներու ու ասորիներու ցեղասպանութիւնները, 1955_ին Պոլսոյ զարգացումները, 1974_ին Կիպրոսի զաւթումը եւ 2020_ին թուրք-ատրպէյճանական հովանաւորին կողմէն Արցախ ներխուժումը, որուն հետեւանքով զոհուեցան հազարաւոր մարդիկ, աւերուեցան եկեղեցիներ, մշակութային կոթողներ: Յունաստանի խորհրդարանի պատգամաւոր Փերիքլիս Մանդասը իր ողջոյնի խօսքին մէջ յայտնեց, որ Յունաստանի խորհրդարանը պիտի շարունակէ պահանջել միջազգային հանրութենէն ճանչնալու հայոց Ցեղասպանութիւնը, որպէսզի այլեւս մարդկութիւնը չառերեսուի նմանատիպ ոճրագործութիւններու հետ:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Յունաստանի ՀՀ դեսպան Տիգրան Մկրտչեան, նշելով, որ մեծ պատիւ է իբրեւ Յունաստանի ՀՀ դեսպան Քալամաթա կատարած առաջին այցելութիւն մասնակցած է Հայոց Ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցին նուիրուած նախաձեռնութիւն:

Դեսպանը նշեց, որ այս օրերուն Ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած նախաձեռնութիւններ տեղի կ’ունենան Յունաստանի տարբեր քաղաքներու մէջ՝ Աթէնքի, Քսանթիի, Ալեքսանդրուպոլիսի, Սալոնիկի, Քալամաթայի եւ այլ քաղաքներու մէջ: Իր խօսքին մէջ դեսպանը ընդգծեց, որ Յունաստանը այն եզակի երկիրներէն է, ուր թէ՛ մեծ եւ թէ՛ փոքր քաղաքներու մէջ կը յիշեն այդ օրերը, կը յարգեն անմեղ զոհերու յիշատակը:

Դեսպան Մկրտչեան արձանագրեց, որ չափազանց կարեւոր է, որովհետեւ յիշատակումը կարեւոր քայլ է ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման ուղղութեամբ: Միաժամանակ դեսպանը ընդգծեց, որ Հայաստանը, Յունաստանի, Կիպրոսի եւ շարք մը այլ բարեկամ երկիրներու հետ միասին պարբերաբար հեղինակած է ցեղասպանութեան կանխարգիլման ուղղուած բանաձեւեր՝ ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդին մէջ։

Իր խօսքի աւարտին դեսպան Մկրտչեան շնորհակալութիւն յայտնեց Քալամաթայի յոյներուն՝ Քալամաթայի հայկական համայնքի հետ միասին Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակը ոգեկոչելու համար:

Ձեռնարկէն վերջ տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակի զետեղման արարողութիւն Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած հայկական խաչքարին մօտ՝ Քալամաթայի քաղաքապետի, Յունաստանի ՀՀ դեսպանութեան, Յունաստանի խորհրդարանի պատգամաւորներուն, Քալամաթայի Յունաստանի ԶՈՒ-ը ներկայացնող հրամանատարի ներկայացուցիչի, Յունաստանի հայկական համայնքի ներկայացուցիչներուն եւ Քալամաթայի հայկական համայնքի եկեղեցական խորհուրդի նախագահի կողմէն։