“Երկիր Մետիա”._Երուսաղէմի մէջ 20 Ապրիլին տեղի ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցին նուիրուած բողոք-երթ: Այս մասին յայտնած է Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի դիւանապետ Կորիւն Յովնան վարդապետ Պաղտասարեան։ Մասնակիցները բարձրացուցած են «Մենք կը քալենք յանուն արդարութեան» գրութեամբ պաստառ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու Արցախի դրօշները։

Ցոյցի մասնակիցները Երուսաղէմի Սուրբ Յակոբեանց մայր տաճարէն քալած են դէպի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի։ Հոն Հայոց Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու բարեխօսութեան կարգ կատարուած է։

Այնուհետեւ երթի մասնակիցները Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն շարժած են դէպի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձան, ուր մոմավառութիւն կատարուած է։

24 Ապրիլին նախատեսուած է բողոքի ցոյց կազմակերպուած է Երուսաղէմի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսարանին դիմաց, այնուհետեւ յիշատակի երեկոյ պիտի կազմակերպուի Ժառանգաւորաց վարժարանի տարածքին մէջ։

25 Ապրիլին Սուրբ Յակոբեանց մայր տաճարին մէջ պատարագ պիտի մատուցուի, որմէ ետք երթ պիտի իրականացուի դէպի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձան։