“Երկիր Մետիա”._ԱՄՆ Միշիկըն նահանգի Սաութֆիլտ քաղաքը 24 Ապրիլը հռչակած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր:
Միշիկընի Հայ Դատի յանձնախումբին հաղորդումին համաձայն, որոշումը ստորագրած է քաղաքապետ Քենսըն Սիլվըր։
Հայ Դատի յանձնախումբը շնորհակալութիւն յայտնած է քաղաքային խորհուրդին՝ 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցին հայ համայնքին միանալուն համար։
«Ցեղասպանութիւնների շարքը պիտի շարունակուի, եթէ մենք մեղաւորները պատասխանատուութեան չենթարկենք», աւելցուցած է Միշիկընի Հայ Դատի յանձնախումբը: