Սիրելի՛ հայորդիներ,
Հայոց Ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցին, յարգելով մեր 1,5 միլիոն սրբադասուած նահատակներուն յիշատակը, պահանջատիրական մեր երթը կը վերանորոգենք, մինչեւ հասնինք Հայ Դատի արդար լուծման:
1914-1915 թուականներուն, Համաշխարհային Ա. Պատերազմի ընթացքին, աւելի քան 1,5 միլիոն հայեր սպանդի ենթարկուեցան թուրքին կողմէ: Օսմանեան Կայսրութիւնը թէ՛ հայ ժողովուրդին, եւ թէ այլ փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ մարդկային մեծ ոճիր գործեց: Թուրք ղեկավարներու հրամանով եւ զինուորներուն ձեռամբ յաջորդական կերպով Ցեղասպանութեան ծրագիրը ի գործ դրուեցաւ եւ զանգուածային կերպով հայ ազգը բնաջնջումի ենթարկուեցաւ: Հետեւաբար, 18-րդ դարու աւարտին սկիզբ առած հալածանքները, կողոպուտը, բռնաբարութիւնը, անարդարութիւնը, բռնի ուժի գործածումը յանգեցուցին 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան:
Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին, թուրքին կողմէ մեր եկեղեցիները քանդուեցան, գիւղերն ու քաղաքները եւ հայկական համարեա՛ բոլոր կառոյցները կործանեցան: Հայ ժողովուրդը պայքարեցաւ իր ինքնութեան եւ ազատութեան համար: Այս իսկ պատճառով ան ենթարկուեցաւ ամէն տեսակ չարչարանքի, հալածանքի եւ վերջապէս հաւաքական ջարդի: Թուրքը ուզեց հայ ժողովուրդը բնաջնջելով արմատախիլ ընել զինք իր պապենական հողէն եւ մարել անոր արդարութեան եւ պահանջատիրութեան ձայնը:
Հայ ընտանիքներ բռնի կերպով աքսորուեցան դէպի Սուրիոյ հիւսիսային անապատներ, ուր ողջակիզուեցան եւ նահատակուեցան վասն հաւատքի  եւ ազատութեան: Տեղահանութիւնը եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը նախօրօք կազմակերպուած էին թուրքին կողմէ: Ամբողջ ժողովուրդ մը իր ազգային, եկեղեցական հարստութիւններով թաղելու եւ ջարդելու փորձ մըն էր Ցեղասպանութիւնը: Հազարաւոր որբեր անտուն եւ անծնողք մնացին: Հայոց աշխարհը անմարդաբնակ դարձաւ, այլ խօսքով՝ ամայացաւ: Հայ ժողովուրդին հետ հալածուեցան նաեւ հայ հոգեւորականները, որոնք իրենց խաչը կրելով նախընտրեցին նահատակուիլ, քան յանձնուիլ եւ նահատակութեամբ՝ յաղթանակի, յարութեան եւ կեանքի վկայութիւն տուին: Հայ մայրեր եւ կիներ իրենց արժանապատուութիւնը պահելու համար իրենք զիրենք Եփրատ գետին մէջ նետեցին:
Մեր ուշադրութիւնը սեւեռելով Հայոց Ցեղասպանութեան ետին թաքնուած պատճառներուն վրայ, կրնանք հաստատել թէ թրքական այլատեացութիւնը Թուրքիոյ քաղաքական խաւն իսկ հայ ազգի ոչնչացման առաջնորդած է հետեւեալ նկատառումներով.
ա. Օսմանեան Կայսրութեան մէջ հայերուն աշխատունակ ներկայութիւնը եւ տնտեսական, ուսումնական, կրթական, բժշկական եւ այլ ոլորտներէ ներս բարձր դիրքերու հասնիլը:
բ. Ատելութիւնը այլ կրօն դաւանողներուն նկատմամբ: Այլ խօսքով՝ կրօնամոլութեան ալիքի բարձրացումը Օսմանեան Կայսրութեան մէջ:
գ. Թուրք ազգայնականութեան ալիքի բարձրացումը:
դ. Տնտեսական նկատառումներ, ձեռք դնելու համար հայ ժողովուրդի ազգային, անհատական եւ եկեղեցական հարստութիւններուն վրայ:
ե. Հայերը իրենց արժանավայել տեղը ունէին պետական գրասենեակներուն մէջ եւ պետական շրջանակներէ ներս կարեւոր դիրքեր կը գրաւէին: Յետ-Ցեղասպանութեան զանազան մարզերէն ներս՝ քաղաքական, բժշկական, դրամատնային, տնտեսական, հանգրուանային կերպով հայ պաշտօնեաները փոխարինուեցան թուրքերով:
Այս բոլոր պատճառները ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ կողոպուտ, թալան եւ իրաւունքներու ոտնահարում: Դէպի ջարդ տանող փուլային եւ ծրագրաւորուած ընթացք մը կար, որ թաքուն կը պահուէր Հայ ժողովուրդէն:
Նահատակ ցեղի մարտունա՛կ զաւակներ,
Հայ ժողովուրդը բնորոշուած է իր մարտունակութեամբ, պայքարելու ոգիով եւ յաղթանակներով: Ան անարդարութեան դէմ պայքարեցաւ, դիմադրեց, պաշտպանեց իր քաղաքներն ու գիւղերը: Ինչպէս կրնանք չյիշել Մուսա լերան քառասուն օրերը, Վանի եւ Զէյթունի հերոսամարտերը, Ատանայի կոտորածը եւ հայ ժողովուրդին դիմադրութիւնը:
Հայոց Ցեղասպանութենէն 107 տարիներ ետք, պահանջատիրութեան մեր ուխտը վերանորոգելով կը հաստատենք, թէ.
ա. Հայոց Ցեղասպանութիւնը մեր յիշողութեան, ապրումներուն, անցեալին, ներկային եւ ապագային, մեր ձգտումներուն եւ տեսիլքներուն մաս կը կազմէ: Չենք կրնար մեր հաւաքական յիշողութենէն ջնջել մեր պատմութեան այս ամենադաժան փուլը:
բ- Թուրքը իրերայաջորդ սերունդներէն սորվեցաւ եւ նոր սերունդները եւս մղեց շարունակելու  ոճրային արարքներով այլոց իրաւունքներուն տիրանալու քաղաքականութիւնը:
գ- Թուրքը ուզեց ծածկել իր ոճիրները: Տէր Զօրը թուրքին համար հանդիսացաւ այն վայրը, ուր հայը պիտի թաղուէր աւազներուն տակ ու իր մեծ ոճիրը՝ Ցեղասպանութիւնը պիտի մոռցուէր:
Ինչպէ՞ս կրնանք մոռնալ կազմակերպուած ջարդը, մեր հայ մայրերուն եւ քոյրերուն նկատմամբ կատարուած բռնաբարութիւնները եւ անմարդկային վերաբերմունքը, որոնք Ցեղասպանութիւն համարուած են ՄԱԿ-ի իսկ համաձայնագրով: Թուրքը իր ցեղային խտրականութեամբ, ատելութեամբ եւ ցեղասպանութեամբ մարդկութեան միջազգային իրաւունքները ոտնակոխեց:
Կը հաւատանք, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը նոր ցեղասպանութիւններ կանխելու երաշխիքն է: Նման Ցեղասպանութիւն չկրկնուելու նպատակով է, որ հայ ժողովուրդը 107 տարի շարունակ արդարութիւն կը պահանջէ եւ վերանորոգելով իր ուխտը կը շարունակէ պահանջատիրութեան երթը:
Հայ ժողովուրդը 107 տարիներ, ուր որ գտնուեցաւ, բոլոր մակարդակներու վրայ պատասխանատուութեան եւ հաշուետուութեան հրաւիրեց թուրքը՝ անկէ արդարութիւն, ճանաչում եւ հատուցում պահանջելով: Հաշուետուութիւնը կարեւոր է ո՛չ միայն արդարութիւնը հաստատելու համար, այլ պատիժ սահմանելու յանցագործներուն նկատմամբ: Թուրքը անպատիժ պէտք չէ մնայ: Հայ ժողովուրդը 107 տարիներ հետապնդեց Հայ Դատը՝ կանխարգիլելու նոր ջարդերու կազմակերպումը եւ հաշուետուութեան հրաւիրելու ոճրագործները:
Օրհնեալ ըլլայ յիշատակը սրբադասուած մեր նահատակներուն:
Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք պայքարունակ ոգիով եւ միասնական ջանքերով պիտի շարունակենք պահանջատիրութեան մեր երթը, մինչեւ վերատիրանանք մեր արդար իրաւունքներուն:
Կիրակի, 24 Ապրիլ 2022
Մասիս Եպս. Զօպուեան
Առաջնորդ Հայոց Բերիոյ Թեմի