Յաճախ ժողովուրդներու հաշտեցումը հաւասար հարթակի վրայ կը դրուի պետութիւններու դիւանագիտական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին հետ: Իրականութեան մէջ անոնք տարբեր գործընթացներ են, հակառակ անոր որ թրքական կողմը յաճախ կը փորձէ նոյնացնել զանոնք՝ ենթադրելով, որ պետութիւններու դիւանագիտական յարաբերութիւնները կրնան ժամանակի թաւալումով պատմագէտներու վճիռին թողուլ իրաւաքաղաքական բնոյթ կրող ազգի մը դատն ու պահանջատիրութիւնը, մանաւանդ եթէ այդ յարաբերութիւնները կը յաջողին աստիճանաբար տնտեսական կախեալ վիճակ ստեղծել Թուրքիայէն: 
Ոմանք, ցաւօք, կուլ կու տան այս ծուղակը՝ յարաբերութիւններու կարգաւորումէն ակնկալելով տնտեսական ապաշրջափակում, փորձելով Ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման հարցը թողուլ Սփիւռքին՝ պետական մարտավարութեան թելադրողութեամբ:
Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը երկար պայքարի ու դիւանագիտական, պատմագիտական փաստարկներու պատրաստութեան, միջազգային ընտանիքին ու տարբեր երկիրներու խորհրդարաններուն ներկայացուած պահանջատիրական աշխատանքի արդիւնք էր, որ վերջին տարիներուն ամրագրուեցաւ նաեւ իսլամական կրօնք դաւանող առաջին երկրին Ցեղասպանութեան վկան հանդիսացող Սուրիոյ խորհրդարանին, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահին կողմէ:  
Դիւրին չեղաւ հարիւր տարի շարունակ խորհրդարաններու, ծերակուտականներու, նախագահներու հայ ժողովուրդին դատը ներկայացնելն ու արդար ճանաչում պահանջելը: 
Հայ Դատի գրասենեակներ շարունակական աշխատանք տարին, հայ երիտասարդներ իրենց կեանքն իսկ նուիրաբերեցին արդարութեան բագինին, Հրանդ Տինք իր գրիչով պայքարեցաւ, իսկ աշխարհի չորս ծագերուն բողոքի ցոյցերու, պատմագիտական զեկոյցներու եւ Հայաստան-Սփիւռք միացեալ անկոտրում պայքարին շնորհիւ աշխարհաքաղաքական տարբեր հարթակներու վրայ ճանչցուեցաւ ու դատապարտուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ բովանդակութենէ պարպելով Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութիւնը:
Թուրքիա չկրցաւ կանխել ճանաչման այս ալիքը, սակայն անոր հետեւանքներէն խուսափելու ռազմավարութիւն մշակեց: Ան իր աշխարհաքաղաքական ազդեցութիւնը ընդլայնեց, Ատրպէյճանին նեցուկ կանգնելով ու Հայաստանին յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղելով: 
 
Այս բոլորին ի տես, յատկապէս Հայաստանի քաղաքական ներկայ զարգացումներուն լոյսին տակ, շատեր սկսած են Ցեղասպանութեան ճանաչումը ազդու զէնք չհամարել այնքան ատեն, որ Թուրքիան կը մերժէ ճանչնալ զայն, իսկ միջազգային ընտանիքը խօսքի սահմաններէն անդին չ’անցնիր:
Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումն ու արդար հատուցումի հայ ժողովուրդին պահանջատիրութիւնը անժամանցելի իրաւունքներ են: Թուրքիան դժուար թէ հասնի հանդուրժողականութեան այն մակարդակին, որ ճանչնայ ու սրբագրէ պատմական այս ոճիրը: Միայն քաղաքական  ու դիւանագիտական ճնշումով, աշխարհաքաղաքական պատեհ առիթին միջազգային ընտանիքը կրնայ պարտադրել Թուրքիոյ, որ վերահաստատէ պատմական ճշմարտութիւնը ու հատուցում կատարէ: «Արդարացի Հատուցում» խորագիրը կրող միջազգային իրաւաբաններու ուսումնասիրութիւնը յստակօրէն բացատրած է իրաւական բոլոր չափանիշներն ու օրէնքները, պահանջող կողմերու իրաւական հանգամանքն ու կարելիութիւնները Հայոց Ցեղասպանութեան արդար հատուցման առումով:
Ուստի աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւնները, արցախեան իրավիճակն ու Սփիւռքի տարբեր դժուարութիւնները պէտք չէ մթագնեն պահանջատիրական մեր համազգային յանձնառութիւնը, կարճ ժամկէտներու մէջ ակնկալելով իրաւաքաղաքական բնոյթ կրող հայութեան դատին լուծումը:
Հայոց Ցեղասպանութեան համահայկական հռչակագիրը այս հարցը կը պարզէր իր բոլոր մանրամասնութիւններով, շեշտելով յատկապէս, որ Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ դատապարտումը կարեւոր մեկնակէտ կրնան հանդիսանալ հայ եւ թուրք ժողովուրդներու պատմական հաշտեցման գործընթացին համար: 
Հայ ժողովուրդի յիշողութենէն կարելի չէ ջնջել պատմական աղէտը, որովհետեւ անոր հետեւանքները կը շարունակէ կրել ան:
Կարելի չէ Տէր Զօրը քանդելով ջնջել յիշողութիւնը, որովհետեւ յիշողութիւնը քարեղէն էութիւն չէ, ոգի է, պատմութիւն եւ արդարութեան հաստատման կանչ:  
Յիշողութիւնը ապահովութեան եզրերը կը սահմանագծէ ու վտանգները կը յուշէ:
Յիշողութիւնը փորձառութիւն է, պահանջատիրութեան մղող ազդակ: Յիշողութիւնը անցեալ չէ պարզապէս, անցեալի սխալները սրբագրելու  չդադրող ձայնն է մեր մէջ: 
Ուստի կարելի չէ կասեցնել  պահանջատիրութիւնը, այլ անոր զէնքերը փոխելն ու իւրաքանչիւր ժամանակաշրջանի յարմարցնելն է էականը: 
Հայաստան-Սփիւռք տարբեր խրամատներու մէջ չեն մարտնչիր այս առումով, այլ ներդաշնակ, զիրար ամբողջացնող մարտավարութիւն կ’որդեգրեն, պէտք է  որդեգրեն՝ չիյնալու հաշտեցման ու բարի դրացիութեան ծուղակին մէջ:
Սուրիահայութիւնը ականատեսը եղաւ Սուրիա-Թուրքիա բարիդրացիական յարաբերութիւններու արդիւնքին, տնտեսական զարգացում խոստացող այս յարաբերութիւններուն Սուրիոյ տնտեսութեան հասցուցած վնասներու ծաւալին: Սուրիոյ երկարած բարիդրացիական  թրքական նոյն թաթը տակաւին սուրիական պատերազմին յառաջացուցած վէրքին կոտտացումը կ’երկարաձգէ ու անոր սպիացման դէմ ոգի ի բռին կը պայքարի: