“Երկիր Մետիա”._Թուրքիոյ խորհրդարանի Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական կուսակցութեան հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլան Հայոց Ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցին ընդառաջ խորհրդարանի քննարկումին ներկայացուցած է օրինագիծ, որ կ’ենթադրէ ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, սահմանել պատասխանատուները, հանրային վայրերէն հեռացնել ցեղասպանութեան մեղաւորներուն անունները, փոխարէնը այդ վայրերը անուանակոչել ցեղասպանութիւնը ընդդիմացած քաղաքացիական ծառայողներու անուններով, տուժածներուն եւ անոնց ընտանիքներու անդամներուն Թուրքիոյ քաղաքացիութիւն շնորհել:

«Հայ ժողովուրդի Մեծ Եղեռնը իրագործման վայրին մէջ՝ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ պէտք է քննարկուի, անուանակոչուի և արդարութիւն հաստատուի: Եթէ անիկա տեղի ունենայ, ապա այլեւս կարեւոր պիտի չի ըլլայ, թէ այլ երկիրներու ղեկավարներն ու խորհրդարանները ինչ կ’ըսեն այս հարցի մասին: Հայ ժողովուրդի վէրքը միայն թրքական հասարակութիւնը կրնայ ամոքել:

Հայոց Ցեղասպանութիւնը այս հողերուն վրայ իրականացուած է, եւ արդարութիւնն ալ միայն այստեղ՝ Թուրքիոյ մէջ կրնայ հաստատուիլ», ըսուած է օրինագիծին մէջ: