“Էջմիածին”._ 25 Ապրիլին ՆՍՕՏՏ Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց Սուրիոյի Արաբական Հանրապետութեան խորհրդարանի Սուրիա-Հայաստան բարեկամական խումբի ղեկավար Լիւսի Իսկէնեանին գլխաւորած պատուիրակութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը, ողջունելով հիւրերը, ընդգծեց, որ սոյն այցելութիւնը Հայաստան Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման համար լաւագոյնս կը վկայէ երկու ժողովուրդներու բարեկամական եւ ջերմ յարաբերութիւնները, որոնք ունին դարաւոր պատմութիւն։ Հանդիպումին Հայոց Հովուապետը գոհունակութեամբ արձանագրեց, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած հայ ժողովուրդի զաւակները կրցած են ապաստան գտնել Սուրիոյ մէջ եւ կազմակերպել իրենց ազգային-հոգեւոր կեանքը՝ օգտակար ներդրում բերելով երկրի հասարակական կեանքի տարբեր ոլորտներու յառաջընթացին: Այս առիթով Վեհափառ Հայրապետը, վերյիշելով իր այցելութիւնները Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութիւն, ինչպէս նաեւ հանդիպումները Սուրիոյ նախագահի հետ Սուրիոյ եւ Սուրբ Էջմիածինի մէջ, ուրախութեամբ հաստատեց հայ համայնքի նկատմամբ Սուրիոյ իշխանութիւններու կողմէն ցուցաբերուող հոգատար վերաբերմունքը։
 
Նորին Սրբութիւնը իր երախտագիտութիւնն ու գնահատանքը յայտնեց Սուրիոյ խորհրդարանին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ դատապարտելու համար։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կարեւոր նկատեց նաեւ հայ-սուրիական կապերու եւ փոխգործակցութեան սերտացման ու զօրացման գործին մէջ Հայ Եկեղեցւոյ համայնքներու դերակատարութիւնը։
 
Իր կարգին տիկին Լիւսի Իսկէնեան, Նորին Սրբութեան ներկայացնելով պատուիրակութեան անդամները, հաստատեց, որ Սուրիոյ իշխանութիւնները կը շարունակեն իրենց աջակցութիւնը բերել սուրիահայութեան՝ խրախուսելով ներգրաւուածութիւնը երկրի քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային գործընթացներուն։ Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ յայտնուած տարածքներուն մէջ հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան հարցերուն, սրբավայրերու ու խաչքարերու պղծման եւ ոչնչացման դէպքերուն։
Խօսելով Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդի խաղաղ ու անկախ ապրելու իրաւունքին դէմ Ատրպէյճանի կողմէն շարունակուող ոտնձգութիւններու եւ յետպատերազմեան մարտահրաւէրներու մասին՝ Նորին Սրբութիւնը վստահեցուց, որ հայ ժողովուրդը իր մէջ ուժ պիտի գտնէ յաղթահարելու առկայ դժուարութիւնները։