“Երկիր”._ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան մամլոյ ասուլիսին յայտնած է, որ ԱՄՆ գործադիր իշխանութեան կողմէ անցեալ տարի քաղաքականութեան փոփոխութիւնը, որ դրսեւորուեցաւ նախագահ Պայտընի կողմէ 24 Ապրիլի ուղերձին Ցեղասպանութեան ճանաչումով, շատերու համար արդէն ազդանշան էր, որ ճանաչումը անխուսափելի է եւ տարբեր պետութիւններ պիտի շարունակեն ճանչնալ։

«Հիմա հարցը ի՞նչ է․ հարցը հետեւեալն է, որ այդ ճանաչումէն վերջ կարեւոր երկու պետութիւներու մէջ՝ Իսրայէլի եւ Մեծ Բրիտանիոյ մէջ ճանչնալու որոշ քայլեր առնուած են՝ ո՛չ պետութիւնները իրենք, այլ տարբեր քաղաքական ուժեր այդ ուղղութեամբ քայլեր ձեռնարկած են։

Բայց նաեւ ընդհանրապէս պիտի ըսել, որ աշխարհի մէջ կան իրադարձութիւններ, որոնք շատ նպաստաւոր չեն, որ արագ ձեւով տեղի կ’ունենայ։

Բայց ԱՄՆ գործադիրի կողմէն ճանաչումը նոր կարելիութիւններ կու տայ յատկապէս ԱՄՆ-ի մէջ, որ այլ օրինագիծեր յառաջ բերուին, որոնք կարելիութիւն կու տան հատուցման հարցերը բարձրացնելու», ըսաւ Կիրօ Մանոյեան։ Որպէս մեկ օրինակ ան դիտել տուաւ Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու պալատին արդէն ներկայացուած նոր օրինագիծը, որով 10 միլիոն տոլար պէտք է յատկացուի Քոնկրեսի գրադարանին, որ Ցեղասպանութեան մասին ուսուցման աշխատանքներ տարուին։ Կան նաեւ քննարկումներ՝ արդեօ՞ք այլ նահանգներու մէջ կարելի է օրինագիծեր որդեգրել, որոնց հիման վրայ դատական գործեր պիտի հարուցուին Ցեղասպանութենէն տուժածներու ժառանգներուն հատուցման համար։ Այս պայմաններու մէջ Հայաստանի իշխանութիւներու կեցուածքն է, որ խնդրայարոյց է։

«Բայց ընդհանրապէս, մեզի համար՝ իբրեւ հայութիւն, այս անցած 2 տարուան մէջ 44-օրեայ պատերազմի հետևանքներու վերցաման խնդիր կայ։ Նախապատուութիւններու հարց կայ, բնականաբար, որոնց ուղղութեամբ արտասահմանի մէջ Հայ Դատի յանձնախումբերն ու գրասենեակները աշխատանք կը տանին», ըսաւ Կիրօ Մանոյեան։