ՀՅԴ արաբական երկիրներու Հայ դատի յանձնախումբերը արաբական մամուլին յղեցին հետեւեալ միացեալ հաղորդագրութիւնը. «Մինչ այսօր կը նշենք Թուրքիոյ գործած Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակը, նոյն Թուրքիան եւ յանցագործներուն ժառանգորդները կը շարունակեն ազատօրէն գործել:
Փաստօրէն յանցագործութիւնն ու մարդու իրաւունքներու ոտնակոխումը կը շարունակուին, իսկ քաղաքակիրթ աշխարհը դարձեալ կը պահուըտի «հաշտութեան ու խաղաղութեան» կեղծ կոչերուն ետին` քաջալերելով յանցագործութեան կրկնութիւնն ու մարդկութեան դէմ նոր ոճիրներու գործադրումը:
Քաղաքակիրթ աշխարհը կը ձեւանայ անգիտանալ, որ պահանջուած նուազագոյնը հարցերը ճշգրիտ կերպով որակելն ու ցեղասպան պետութիւնները մատնանշելն է:
«Ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ գործուած մեծագոյն յանցագործութիւնն է, եւ հայ ժողովուրդը այդ քստմնելի արարքին զոհն էր ու կը շարունակէ ըլլալ: Թուրքիան նաեւ քանդեց ու կը շարունակէ քանդել արաբներու, քիւրտերու, ասորիներու, յոյներու եւ բազմաթիւ այլ ժողովուրդներու պատմութիւնն ու մշակոյթը:
«Այսօր Ատրպէյճան կը շարունակէ հայերու պատմական հողերուն վրայ` Արեւմտեան Հայաստանի մէջ Թուրքիոյ սկսած գործը: Ան թրքական ռազմական, նիւթական ու բարոյական աջակցութեամբ աշխատանք կը տանի Արցախի հազարամեայ եւ թուրք ցեղի Հարաւային Կովկաս հասնելէն շատ առաջ կառուցուած հայկական պատմամշակութային կոթողներն ու պաշտամունքի վայրերը քանդել. կը փոխէ անոնց ինքնութիւնը:
Այս բոլորը տեսնելով` քաղաքակիրթ աշխարհն ու մարդկութիւնը ցաւալի ու վտանգաւոր կերպով կը մնան լուռ: «Այս ոճիրներուն դէմ կանգնիլը համայն մարդկութեան պարտաւորութիւնն է: Յանցագործներու նկատմամբ լուռ մնալը կը քաջալերէ զանոնք շարունակելու իրենց ոճրային արարքները:
Ուստի ամբողջ աշխարհը պէտք է դատապարտէ Պաքուի ու Անգարայի արարքները եւ անոնցմէ պահանջէ վերջ տալ իրենց յանցագործութիւններուն: