Մեր աշխարհը այսօր աւելի քան երբեւէ կը դիմակալէ բազմաթիւ աղէտներ, պատերազմներ եւ դժուարութիւններ՝ տնտեսական, քաղաքական եւ ընկերային: Չարիքն է, որ կը փորձէ յաղթել բարիին, մեղաւորը կը ճնշէ անմեղին, իսկ անարդարը կը վերացնէ արդարը:
Այս յորձանուտին մէջ գոյատեւելու, մտքով եւ հոգիով առողջ ապրելու համար մեծ ջանք ու հաւատք պէտք է դրսեւորենք, այլապէս որպէս անհատ, կամ ազգ կը դադրինք գոյութիւն ունենալէ եւ միայն պատմութեան էջերուն մէջ կը մնանք:
107 տարիներ առաջ մենք կորսնցուցինք մեր ժողովուրդի ընտրեալները, գեղեցիկները, զօրաւորները մէկուկէս միլիոն նահատակ տուինք, բռնի տեղահանութեան ենթարկուեցանք, կորսնցուցինք մեր հողերը, ազգային կառոյցները աւերակ դարձան:
Չմոռնանք յիշելու, որ 1895-ի Համիտեան ջարդերուն ալ զոհուեցան մեր ազգակիցները, 1909-ին ալ՝ Ատանայի կոտորածին:
Բայց գերբնական ուժով, պայքարով, հաւատքով կրցանք նոր վայրերու մէջ, պապենական մեր հողերէն կտրուած Սփիւռքեան գաղութներ եւ համայնքներ ստեղծել:
Աշխատասէր ու ջանասէր հայը կրկին շինեց իր բոյնը, բայց օտարի հողին վրայ, աչքը յարած Արարատին հիմնեց իր եկեղեցին եւ դպրոցը, երազելով, որ անպայման պահը կու գայ, աշխարհը կը ճանչնայ հայուն արդար դատը եւ թուրքը կը ստանայ իր համապատասխան պատիժը:
Համաշխարհային իրադարձութիւններէն զերծ չէր կրնար մնալ հայութիւնը՝ Հայաստանի թէ՛ Սփիւռքի մէջ: Այդպէս ալ եղաւ, Սփիւռքեան մեծ եւ աւանդական գաղութները պարպուեցան, ովկիանոսէն անդին հայութեան թիւը աւելցնելով:
Ամէնուրեք ստեղծուած տարբեր դժուարութիւններու դիմաց օրհասական օրեր կ’ապրի մեր ժողովուրդը:
44-օրեայ անողոք պատերազմին կորսնցուցինք հազարաւոր երիտասարդներ, հաշմանդամ եղան ուրիշներ: Արցախը կորսնցուց իր տարածքէն մաս մը եւ կը գտնուի փորձութիւններու դիմաց:
Մերձ հայաստանեան գաղութներու հայութեան թիւը նուազեցաւ եւ դժբախտաբար շատ մը գաղութներ ձուլման ենթակայ են:
Այսքան չարիք թէ մոռանան մեր որդիք,
Թո՛ղ ողջ աշխարհ հային կարդայ նախատինք:
Ուստի ինչպէ՞ս յաղթահարել անյաղթելին.
1.- Յիշելով մեր նահատակները, անոնց յիշատակը վառ պահելով եւ նոր սերունդին փոխանցելով մեր պատմութիւնը:
2.- Պայքարելով յանուն մեր դատի արդար լուծման: Բարձրաձայնելով միջազգային հարթակներու վրայ եւ պահանջելով մեր իրաւունքները:
Պահանջատիրութեան հանդէպ որեւէ մօտեցում առանց Թուրքիոյ պատասխանատուութեան, յանցանքի ընդունման եւ առնչուող պարտաւորութիւններու պայմանի շեշտադրման, պիտի նշանակէ տարիներու ձեռքբերումներու կորուստ, եւ դատապարտուած պիտի ըլլայ վերջնական ձախողութեան:
Թուրքիա որպէս պետութիւն պարտաւոր է ընդունիլ ցեղասպանի ժառանգորդի իր մեղքը եւ իրականացնել համապատասխան արդար հատուցում հայ ժողովուրդի նկատմամբ:
3.- Զօրավիգ կանգնելով Արցախին, հիմնական մտասեւեռումը դարձնելով արցախահայութեան անվտանգ ապրելու եւ իր պատմական հայրենիքին մէջ գոյութիւնը պահպանելու իրաւունքի ապահովումը, Արցախի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ սահմաններու անձեռնմխելիութեան պահպանումը:
4.- Տէր կանգնելով մեր լեզուին, մշակոյթին եւ բարոյական արժէքներուն:
Երեք օր առաջ դէպի Տէր Զօր եւ աւերակ դարձած Սուրբ Նահատակաց եկեղեցւոյ մեր միասնական ուղեւորութիւնը ո՛չ միայն հոգեւոր ուխտագնացութիւն մըն էր եւ կոչ՝ մեր գալիք սերունդներուն վերանորոգելու մեր հաւաքական յիշողութիւնը, այլեւ երախտագիտութեան ու գնահատանքի արտայայտութիւնն է ասպնջական արաբ ժողովուրդին եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած Սուրիոյ ամրակուռ պետականութեան եւ անոր վսեմաշուք նախագահ՝ զօրավար տոքթ. Պաշշար ալ-Ասատին, որուն հոգատար հովանաւորութեան ներգոյ ու մեր համազգային ճիգերու լարումով պիտի վերակառուցենք համայն հայութեան սրբավայր դարձած Տէր Զօրի Ս. Նահատակաց համալիրը, իբրեւ խորհրդանիշ մեր հաւաքական կամքին ու պայքարին:
Յարութեան շունչով թող աշխարհը յոյսով լեցուի եւ միասնակամութեամբ սատարենք մեր Սրբազան հայրենիքի վերելքին եւ վերածնունդին:
Տարակուսանքէ վեր է, որ այսօր, առաւել քան երբեւէ, դարերու ընթացքին հայու արիւնով սրբագործուած մեր հայրենիքը եւ հայ ժողովուրդը մահասփիւռ խորշակներէ զերծ պահելու միակ միջոցը ազգային միասնականութիւն գոյացնելու մէջ է:
Ուստի, ձեւաւորուող նոր աշխարհի այս թոհուբոհին մէջ, որպէս ազգային անվտանգութեան գրաւական եւ փրկութեան ապաւէն, անգամ մը եւս կոչ կ’ուղղենք բոլորին համախմբուելու Հայաստանի եւ Արցախի շահերուն շուրջ, որպէսզի միասնաբար դիմակալենք այս հրատապ սպառնալիքը, ամրապնդենք մեր երկրի եւ պետականութեան կայունութիւնը եւ շարունակենք մեր ժողովուրդի դարաւոր, յաղթական երթը: