Կը նայիմ Արցախի պատերազմին նահատակուած երեք հալէպահայ հերոսներուն յիշատակին նուիրուած յուշարձանին, տեղադրուած Հալէպի Ազգ. գերեզմանատան մէջ, հարեւանութեամբ ուրիշ յուշարձանի մը՝ այն հինգ երիտասարդ տղոց, որոնք նահատակուեցան Լիզպոնի մէջ:

Քիչ մը անդին Տխրունիի յուշարձանն է եւ հնչակեան քսան կախաղաններու: Միւս կողմը Այնթապի հերոսամարտի նահատակներու յուշակոթողն է… եւ այս բոլորը ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած յուշահամալիրի խորաքանդակին վրայ:

Ու կը մտածեմ, դարձեալ ու դարձեալ՝ մենք որքան յուշարձան-մահարձան ունինք աշխարհի մէջ: Թերեւս ո՛չ մէկ ազգ այսքան յուշարձան ունի նուիրուած իր նահատակ հերոսներուն, որքան մենք, մասնաւորաբար երբ նկատի կ’ունենանք մեր փոքր թիւը եւ զայն կը համեմատենք մեր յուշարձաններու հսկայ թիւին հետ, Երեւանի Ծիծեռնակաբերդէն, Եռաբլուրէն, մինչեւ Սուրիա՝ Տէր Զօր, Լիբանան՝ Պիքֆայա, Եւրոպա եւ Ամերիկաները, որոնց մէջ եկեղեցի ու գերեզմանոց չկայ ուր յուշարձան մը, կամ յուշարձաններ չըլլան:

Երեւութապէս դրական է, քանի չենք մոռնար մեր նահատակները, սակայն եւ այնպէս, մարդ կը տարուի մտածելու, որ մենք յուշարձաններ կառուցելու մասնագէտներ դարձած ենք. ոչ միայն մասնագէտներ, այլեւ սիրահարուած ենք յուշարձաններուն, սիրահարուած ենք նաեւ մահուան գաղափարին:

Մեր ֆետայիներու նշանաբանը՝ «Մահ Կամ Ազատութիւն» է, չէ՞, բնաւ մտածա՞ծ էք թէ ինչո՛ւ նախ մահը յիշած ենք, ապա՝ ազատութիւնը: Աւելի ճիշդ չէ՞ր ըլլար եթէ ըլլար «Ազատութիւն Կամ Մահ»: Իսկ Հայաստանի օրհներգը, որ յաճախ քննադատութեան նիւթ դարձաւ իր «լալկանութեան» համար, (դրօշը արցունքներով լուացեր է…), փոխանակ յաղթական գովերգի, կ’աւարտի դարձեալ մահուան նախընտրութեամբ՝ «ամենայն տեղ մահը մի է…»:

Ինչո՞ւ համար մարդ անպայման պէտք է մեռնի հայրենիքի սիրոյն, ինչո՞ւ չենք ըսեր ապրի՛ հայրենիքի սիրոյն: Յաճախ պարտուած ենք ու պարտութիւնը բարոյական յաղթանակի շղարշով պատած, նոյնիսկ բանաստեղծը ըսած է, ի միջի այլոց՝ «…Ուր պարտութիւնն անգամ ունի հպարտութիւն»:

Ինչի՞ս պէտք է պարտութեան հպարտութիւնը, ուրիշ բան է փաստերը մեկնաբանել գիտնալ: Ըստ իս, թէեւ Արցախի պատերազմը պարտութիւն անուանուեցաւ, քանի որ հողատարածքներ կորսնցուցինք, սակայն երբ կշիռքի վրայ դնենք մեր միայնակ ըլլալը, ընդդէմ խումբ մը թշնամիներու, գլխաւորութեամբ Ատրպէյճանի, երբ նկատի առնենք, որ մեր նահատակներուն եռապատիկը սպանուեցան թշնամիի շարքերէն, մեր զինատեսակներուն բազմապատիկը կորսնցուց թշնամին, այն ատեն իսկապէս յաղթած կը համարենք մենք զմեզ, նոյնիսկ երբ մեր զինակիցը մերժելով մեր բանակին օգնել, իր շահուն համար ճամբայ բացաւ եւ պարտադրեց զինադադարն ու թշնամիին պայմանները ակամայ ընդունիլը:

Բոլորս ալ գիտցանք պատճառները, սակայն ինքնասրբագրումի փոխարէն, միայն զիրար կը մեղադրենք ու կը դատապարտենք: Կը հպարտանանք, որ մեր ազգը միշտ ջարդուած է, բայց ողջ մնացած է, կը հպարտանանք…Մարդ չ՚ըսե՞ր, թէ ինչո՛ւ ջարդուած ենք, չէի՞նք կրնար չջարդուիլ:

Հարկ է թափանցել երեւոյթներէն ներս: Մեզի ինչ որ հրամցուցած են պատմութեան դասագիրքերուն մէջ ընդունած ենք առանց խորքը թափանցելու: Պատահա՞ծ է, որ աշակերտ մը իր ուսուցիչին հարց տայ, թէ ինչո՛ւ յաճախ պարտութիւններ կրած ենք ու ջարդուած, ի՞նչ եղած են մեր մեծերուն սխալները:

Կրնայի՞նք առճակատումէն դուրս գալ ռազմավարական վարպետութեամբ, կամ քաղաքական ու դիւանագիտական խորամանկութեամբ: Հիմա մեր անցեալը պեղել անիմաստ է, նայինք ներկային: Ո՞ւր էինք, ի՞նչ էինք, ի՞նչ դարձանք: Չէ՞ք կարծեր, որ անցեալի շատ մը սխալներ կը շարունակուին, յատկապէս անմիաբանութիւնը, անհեռատեսութիւնը, զիրար չէզոքացնելով թշնամիին ուժը կրկնապատկելուն սատարելով:

Սրբագրենք մենք զմեզ եթէ կրնանք: Արմատախիլ ընենք մեր մէջէն բոլոր մոլորութիւնները, բոլոր ախտավարակ սովորոյթներն ու աւանդոյթները: Մնանք ազնիւ, արդար, գործենք խելամտութեամբ, նոյնիսկ խորամանկութեամբ, քաղաքական խաղերը իւրացուցած: Օգտագործենք ներկայ գիտութիւնն ու ճարտարագիտութիւնը:

Բացառիկ կարողութիւն ունեցող անհատները գործի լծենք, աթոռի համար չպայքարինք, ինչպէս ըսուած է՝ «պայքարինք հողի համար, որ աթոռ դնելու տեղ ունենանք…» լաւագոյն ղեկավարութեան սիրոյն ու երկրի ղեկը յանձնենք իսկական արժանիին: Հերիք ինչքան յուշարձաններ կառուցեցինք, ատենն է այլեւս յաղթանակի կոթողներ կառուցելու:

Դեռ կանգուն են հռոմէացի ու բիւզանդացի զօրավարներուն ի պատիւ կանգնած յաղթանակի կամարները, դաս չառնե՞նք անոնցմէ, դաս չառնե՞նք մեր Արտաշէս Աշխարհակալէն ու Մեծն Տիգրանէն, Սարդարապատի յաղթանակը կերտողներէն:

Յակոբ Միքայէլեան

Երեւան