“Հորիզոն”._28 Ապրիլ 2022-ին, Քեպէքի Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը ներկայ գտնուեցաւ Քանատայի Քեպէք նահանգի խորհրդարանին նիստին, որուն ընթացքին յիշատակուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 107-ամեակը եւ յատուկ բանաձեւով կողմէ վերահաստատուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման Քեպէքի նահանգային խորհրդարանի օրինագիծը։ Խորհրդարանը մէկ վայրկեան յոտընկայս լռութեամբ յարգեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը։ Նշենք, որ Քեպէքի խորհրդարանը 1980-ին յատուկ բանաձեւով ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը, իսկ 2003-ին յատուկ օրինագիծով վերահաստատած է նոյն ճանաչումը։
Նոյն օրուան ընթացիքն, Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը առիթը ունեցաւ հանդիպելու խորհրդարանի անդամ Քրիսթին Սէնթ Փիեռի եւ Քեպէքի շրջակայ միջավայրի եւ ցեղապաշտութեան դէմ պայքարի Նախարար Պէնուա Շարէի հետ, որոնց հետ արծարծուեցան Քեպէգի հայ համայնքը շահագրգռող շարք մը հարցեր։