ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակէն 29 Ապրիլ 2022_ին հաղորդած են, որ ԱՄՆ Քոնկրեսի ներկայացուցիչներու պալատի 46 անդամներ 28 Ապրիլին նամակով դիմած են յատկացումներու յանձնաժողովի նախագահին՝ խնդրելով դադրեցնել Ատրպէյճանին տրամադրուող ամերիկեան զինուորական օժանդակութիւնը եւ 150 միլիոն տոլար յատկացնել Հայաստանին ու Արցախին, որպէսզի դիմագրաւեն Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէն յարուցուած մարդասիրական եւ անվտանգային ճգնաժամերը։

Այս երկու ուղղութիւնները Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբի հիմնական քաղաքական առաջնահերթութիւններէն են, որոնց իրականացման համար տեւական աշխատանք կ’իրականացուի նաեւ ԱՄՆ-ի մէջ գործող այլ ժողովուրդներու համայնքային կազմակերպութիւններու ներդրումով։

Մեկնաբանելով բաւական մեծ թիւով քոնկրեսականներու միացումը յիշեալ նախաձեռնութեան՝ Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան նկատած է․ «Մենք կանգնած ենք Քոնկրեսի 64 անդամներու կողքին, որոնք 2023 տարուան համար կոչ կ’ուղղեն բաւական ազդու օգնութիւն ցուցաբերել Արցախին եւ Հայաստանին, հակազդել Ատրպէյճանի շարունակուող յարձակումներուն եւ իրապէս փոխել մօտաւորապէս 100.000 հայերու կեանքին որակը։

Մենք յառաջիկայ ամիսներուն պիտի շարունակենք աշխատիլ Ներկայացուցիչներու պալատի եւ Ծերակոյտի անդամներուն հետ, որ ամերիկեան հարկատուներու գումարները չօգտագործուին Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ցեղասպան քաղաքականութեան օգնելու եւ աջակցելու համար»։

Երկկուսակցական նամակին մէջ, օրէնսդիրները, Քոնկրեսի հայկական խումբի համանախագահ Ֆրենք Փալօնի առաջնորդութեամբ, բարձրաձայնած են, որ Արցախի ժողովուրդը կը շարունակէ բախում ունենալ ծանր դժուարութիւններու, որոնք յառաջացած են 2020_ի ատրպէյճանական յարձակումին, անմեղ քաղաքացիներու դէմ մինչ օրս շարունակուող սադրանքներու պատճառով եւ որ Արցախին յատկացուելիք 50 միլիոն տոլարի օժանդակութիւնը «պիտի օգնէ հայ փախստականներուն տրամադրել օգնութիւն, բնակարան, պարենային անվտանգութիւն, առողջապահութիւն, վերականգնում եւ ականազերծում, որ անհրաժեշտ է իրենց համայնքները վերականգնելու, իրենց կեանքը վերակազմակերպելու համար»:

Հայաստանին 100 միլիոն տոլարի օգնութիւն տրամադրելու իրենց առաջարկի հիմնաւորումը օրէնսդիրները բացատրած են այն հանգամանքով, որ պիտի օգնէ ամրապնդել ԱՄՆ-Հայաստան ռազմավարական գործընկերութիւնը, ամրապնդել ամերիկեան ներկայութիւնը, մեծցնել ազդեցութիւնը Հայաստանի եւ տարածաշրջանի մէջ։

Օրէնսդիրները իրենց նամակին մէջ նաեւ կարեւոր համարած են, որ «907-րդ բանաձևի» կատարումը ամբողջապէս վերականգնուի, որով կ’արգիլուի Ատրպէյճանին ամերիկեան արտաքին օժանդակութեան տրամադրումը, ինչպէս նաեւ կարեւոր համարած են հայ ռազմագերիներու ազատ արձակումը։

Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբը սերտօրէն կը գործակցի Ֆ․ Փալօնի եւ Քոնկրեսի հայկական յանձնախումբի ղեկավարութեան հետ՝ հայանպաստ այս նախագիծի կատարումը ապահովելու համար։

Այս առումով Հայ Դատի յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ ամերիկահայ համայնքէն աւելի քան 50․000 նամակներ ուղարկուած են քոնկրեսականներուն՝ յանձնախումբի էլեկտրոնային յատուկ հարթակի միջոցով։