ՏԵՂԱԿԱՆ 
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
 – Կիրակի օր յստակացաւ Սուրիոյ Ֆութպոլի Դաշնութեան նախագահի պաշտօնին, ինչպէս նաեւ դաշնութեան անդամակցութեան թեկնածուները: Նախագահական պաշտօնին իրենց թեկնածութիւնը առաջարկեցին ֆութպոլի հաւաքականի նախկին խաղացող Մահէր ալ-սայետ, Թշրին ակումբի նախագահ Թարէք ալ-Զենի, դաշնութեան նախկին նախագահներ՝ Ֆատի Տապպաս եւ Սալահ Ռամատան:
 – Հերթական երկրորդ անգամ ըլլալով  Հալէպի Իթթիհատ ակումբի երիտասարդական ֆութպոլի խումբը կը հանդիսանայ Սուրիոյ ախոյեան:
– Սուրիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտին, Դամասկոսի ալ-Մաճըտ եւ Հասիչէի ալ-Ճազիրա խումբերը բարձրացան Ա. դասակարգ:  Հալէպի Հուրիէն անգամ մը եւս ձախողեցաւ իր տեղը գրաւելու Ա. դասակարգի խումբերուն մէջ:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ 
ՓՈՐԹՈՒԿԱԼՑԻ ՌՈՆԱԼՏՈՅԻ ՆՈՐԱԾԻՆ ՈՐԴԻՆ ՄԱՀԱՑԱՒ 
Փորթուկալի հաւաքականի եւ Անգլիոյ Մանչեսթըր Իւնայթըտի յարձակողական խաղացող Քրիստիանօ Ռոնալտոյի նորածին որդին մահացաւ: Այս մասին փորթուկալցի խաղացողը յայտարարութիւն կատարեց դիմատետրի իր էջով: «Մեծ ցաւով պէտք է յայտարարենք, որ մահացած է մեր նորածին մանչը: Սա շատ մեծ ցաւ է ծնողքի մը համար: Միայն մեր աղջկայ ծնունդն է, որ ուժ կու տայ մեզի այս պահը յոյսով յաղթահարելու: Շնորհակալութիւն կը յայտնենք բժըշկական անձնակազմին՝ իրենց աշխատանքին համար: Մենք վշտացած ենք: Մեր փոքրի՛կ մանչ, մեր հրեշտա՛կ, մենք քեզ միշտ պիտի սիրենք», գրած է Ռոնալտօն:Աւելցնենք, որ Ռոնալտօն բախտաւորուած էր մէկ մանչ, մէկ աղջիկ երկուորեակով:
ՓԱՐԻԶ ՍԱՆ ԺԵՐՄԱՆ ԴԱՐՁԱՒ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԱԽՈՅԵԱՆ 
Պատմութեան մէջ 10-րդ անգամ ըլլալով ֆրանսայի մայրաքաղաքի Սան Ժերման խումբը նուաճեց Ֆրանսայի ախոյեանութիւնը: Իր ամբողջ մարզական կեանքին մէջ այս տիտղոսը եղաւ արժանթինցի մարզիչ Փոքիթինիոյի առաջին կոչումը: Ախոյեանութեան 34-րդ փուլին, փարիզեան խումբը իր դաշտին վրայ ընդունեց Լանսին: Հանդիպումը աւարտին հասաւ 1-1 հաւասար արդիւնքով: 68-րդ վայրկեանին, Լիոնել Մեսսի նշանակեց խումբին կոլը, որմէ քսան վայրկեան ետք հիւրերը նշանակեցին հաւասարութեան կոլը:
Պատրաստեց՝ Ռաֆֆի Սիւլահեան