“Երկիր”._Հայկական սփիւռքը իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Հայաստանի ընդդիմութեան ծաւալած բողոքի ցոյցերուն՝ ընդդէմ Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան ու ապագային սպառնացող փաշինեանական իշխանութեան։ Այսպէս` Քանատայի Վանքուվըր, Մօնրէալ, Թորոնթօ եւ Քեմպրիճ քաղաքներու Հայ կեդրոններուն մէջ 1 Մայիսին` «Զարթնի՛ր Լաօ» խորագիրով զօրակցական հաւաքներ տեղի պիտի ունենան։

«Բոլորս խուռներամ շարքերով». 1 Մայիսին, աշխարհի ամէն անկիւնէն հայերը պիտի միանան Հայաստանի պայքարող ժողովուրդին եւ մասնակից պիտի դառնան մայր Հայաստանին եւ Արցախին աջակցող ցոյցերուն։